image

Գէորգ Կոստանեանին նոր պաշտօն՝ Ռուսաստանի մէջ

Գէորգ Կոստանեանին նոր պաշտօն՝ Ռուսաստանի մէջ

«Ժողովուրդ» թերթը կը գրէ․ «Ժողովուրդ» օրաթերթի տեղեկութիւններով` ՀՀ նախկին գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը աշխատանքի անցած է Ռուսաստանի Դաշնութեան գլխաւոր դատախազութեան համալսարանին մէջ։

Թէեւ ե՛ւ նախկին, ե՛ւ ներկայ իշխանութեան ներկայացուցիչները տարբեր առիթներով յայտարարած են, որ Կոստանեանը մասնագէտ իրաւաբան է, բայց փաստ է, որ ՀՀ նախկին գլխաւոր դատախազի փորձառութիւնն ու կարողութիւնը գնահատուեցաւ եղբայրական Ռուսաստանի կողմէ, եւ այսուհետ Կոստանեանը ՌԴ դատախազներու համար դասախոսութիւններ պիտի կարդայ:

Այս փաստը հետաքրքիր է այնքանով, որ Կոստանեանն ինքն ալ յայտարարած է, որ պատրաստ է օգել նոր իշխանութիւններուն, իր կարողութիւնները ծառայեցնել մեկնարկած բարեփոխումներուն, սակայն գնաց Մոսկուա։

«Ժողովուրդ» օրաթերթը փորձեց Կոստանեանէն ճշդել նոր կարգավիճակի մասին տեղեկութիւնը, սակայն անոր հեռախօսը անջատուած էր։ Այսպիսով, նախկին դատախազն ալ դուրս եկաւ երկրէն, որուն ինչքան ալ քննադատած ըլլանք, չենք կրնար չարձանագրել, որ փրոֆէսիոնալ քատր է եւ չկոռումփացուած»։

 

Մանրամասները՝ թերթի այսօրուան թիւին մէջ