Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին՝ Պաղեստին պետութիւնը ճանչնալու համար։ Ապպաս շնորհակալական եւ գնահատանքի ուղերձ յղած է հայ գործընկերոջ՝ ըսելով, որ Հայաստանի կողմէ Պաղեստին պետութեան ճանաչումը կ՚արտայայտէ երկրի արժէքները եւ անոր ղեկավարութեան նուիրուածութիւնը արդարութեան հասնելուն եւ մարդու իրաւունքներու հանդէպ, գրած է wafa.ps կայքը։
Ապպաս ըսած է, որ այդ կը հաստատէ երկու երկրի, պաղեստինցի ու հայ ժողովուրդները միաւորող բարեկամութեան եւ յարգանքի խորութիւնը:
«Ձեր իմաստուն որոշումը, որ կը համապատասխանէ միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն, ՄԱԿ-ի բանաձեւերուն եւ միջազգային օրինականութեան սկզբունքին, եւս մէկ քայլ է պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներու ճանաչման ուղղութեամբ։ Այդ իրաւունքներու շարքին են 1967 թուականի սահմաններուն սեփական հողերու տնօրինումը, իսրայէլեան բռնագրաւման վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը, ինքնորոշումն ու անկախութիւնը», - նշած է Ապպաս։
Ան հայ գործընկերոջ մաղթած է առողջութիւն, երջանկութիւն եւ յաջողութիւններ, իսկ բարեկամ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անոր ժողովուրդին՝ հետագայ առաջընթաց ու բարգաւաճում՝ յոյս յայտնելով, որ Պաղեստինի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները կը գրանցեն զարգացում եւ աճ։
Յիշեցնենք, որ նախորդ շաբաթ ՀՀ ԱԳՆ-ն յայտնած է, որ Երեւանը կը ճանչնայ Պաղեստին պետութիւնը։