image

Ասանժ այսուհետեւ ազատութեան մէջ է

Ասանժ այսուհետեւ ազատութեան մէջ է

«WikiLeaks»-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժի գործը պաշտօնապէս կարճուած է ամերիկեան իշխանութիւններու հետ գործարք կնքելէ ետք։ Ան դատարանի դահլիճէն դուրս եկած է որպէս ազատ քաղաքացի։ Տեղեկութիւնը յայտնած են ամերիկեան լրատուամիջոցները։

Նիստը տեղի ունեցած է Հիւսիսային Մարիանեան կղզիներու (ԱՄՆ տարածք) դաշնային շրջանային դատարանին մէջ (Սայփան կղզի), ուր Ասանժ մեկնած է Լոնտոնէն:

Ասանժն ինքզինք մեղաւոր ճանչցած է 18 մեղադրանքներէն մէկուն՝ լրտեսութեան մասին օրէնքը խախտելու համար։ Անկէ ետք դատաւոր Ռամոնա Մանկլոնան յայտարարած է, որ արդար եւ ողջամիտ պիտի ըլլայ որպէս պատիժի ժամկէտ հաշուել 62 ամիսը, որ Ասանժն անցուցած է Լոնտոնի «Պելմարշ» բանտին մէջ։

«Դուք կրնաք որպէս ազատ քաղաքացի դուրս գալ դատարանի դահլիճէն»,–ըսած է դատաւորը։

Ամերիկեան իշխանութիւնները հրաժարած են նաեւ արտայանձնման մասին իրենց հայցէն:

Ասանժին պարտաւորեցուցած են յանձնարարել «WikiLeaks»-ին ոչնչացնել ամերիկեան գաղտնի տուեալները։

Դատաւորը լրագրողին քանի մը անգամ հարցուցած է, թէ արդեօք ինչ-որ մէկը փորձած է վախցնել անոր, որ ստիպէ գործարք կնքել: Ան պատասխանած է. «Ո՛չ»։

ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ Ասանժին կ՚արգիլուի առանց թոյլտւութեան այցելել ԱՄՆ։

«Դատարանն ընդունած է, որ Ասանժ իր հրապարակումներով ոչ մէկ վնաս պատճառած է, ատոնք բացառապէս լրատուական բնոյթ կրած են», յայտարարած է անոր փաստաբան Պարրի Փոլաքը։

«WikiLeaks»-ի գործունէութիւնը պիտի շարունակուի։

Ասանժը դատարանի դիմաց դիմաւորած են ծափահարութիւններով։ Ան արդէն մեկնած է աւստրալական Քանպերա։

Ըստ ABC–ի` լրագրողը պարտաւոր է 520 հազար տոլար փոխհատուցել Լոնտոնէն Աւստրալիա պայմանագրեալ թռիչքի համար։

Յիշեցնենք`յունիս 24-ին Լոնտոնի դատարանը որոշած է գրաւի դիմաց ազատ արձակել Ասանժը «Պելմարշ» բանտէն, ուր ան անցուցած էր 1901 օր։