Հայ իրականութեան մէջ կենսական ներկայութիւն հանդիսացող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը (ՌԱԿ) օրերս ընթացք տուած է իր կուսակցութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակի միջոցառումներուն։
Օրերս այդ խորհուրդը ունեցող միջոցառում մը կայացած է Լոս Անճելըսի մէջ։ Ձեռնարկի բարձր հովանաւորութիւնը ստանաձնած է ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանը։
Ստորեւ այդ առթիւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք «Նոր Օր»ի մէջ լոյս տեսած եւ Խաչիկ Ճանոյեանի ստորագրութիւնը կրող կարճ լրատւութիւնը։
Կիրակի, Մայիս 22, 2022-ին, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, ԹՄՄ Պէշկէօթիւրեան սրահին մէջ, սիրոյ եւ համերաշխութեան գեղեցկագոյն մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցաւ ՌԱԿ-ի հարիւրամեակի շքեղաշուք, տօնական պատմական ձեռնարկը։
Այդ օր յորդահոս բազմութիւն մը ողողած էր հանդիսութեան սրահը։
Իրենց օրհնաբեր ներկայութեամբ, Ձեռնարկը կը պատուէր Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, ինչպէս նաեւ Արցախի Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան։ Իրենց ներկայութեամբ ձեռնարկը կը պատուէին նաեւ Ս.Դ.Հ.Կ. Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան եւ Շրջանիս Վարիչ մարմնի ներկայացուցիչներ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Շրջանիս Կ.Կ. ներկայացուցիչներ, Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոսի Գործակատար վսեմաշուք Տիկ. Նելլի Սարոյեան եւ իր ամուսինը Հիւպատոս Վարազդատ Փահլաւունի, ՀՀ նախկին հիւպատոս շատ սիրելի Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, ԹՄՄ-ի ներկայացուցիչներ, հայրենակցական, հասարակական Միութեանց ղեկավարներ։
Այդ ձեռնարկին իրենց ներկայութեամբ եւ գնահատագիրներով ներկայ էին Գալիֆորնիոյ Նահանգի Ծերակուտական Անթոնիօ Փորթանթինօ, երեսփոխան Ատրին Նազարեան, Քաթրին Պարկըրի Լոս Անճելըս Գաւառի
Վերահսկիչին ներկայացուցիչը, Կլենտէյլի քաղաքապետարանի Խորհուրդի անդամներ Տեարք Վրէժ Աղաճանեան, Արա Նաճարեան։