image

Գերմանիոյ մէջ Facebook-ը «վերահսկողութեան տակ»

Գերմանիոյ մէջ Facebook-ը «վերահսկողութեան տակ»

«Facebook» կայքը յայտարարծ է, որ յառաջիկայ շաբաթներուն Գերմանիոյ մէջ իր կայքի մէջ յատուկ փոփոխութիւններ պիտի ներածուին, կեղծ լուրերու տարածումը սահմանափակելու նպատակով: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Ռատար» կայքը, նշելով, որ անցեալ ամիս արդէն կեղծ լուրերու տարածումը կանխող գործիքներու բարեփոխումերը կատարուած են եւ այդ թարմացումները յառաջիկայ շաբաթներուն  արդէն գործի պիտի դրուին: Փոփխութիւններէն մէկը զգուշացման ազդանշանը պիտի ըլլայ, որ պիտի երեւայ հաւաստիութեան բացակայութիւն ունեցող գրութիւններուն վրայ:

Գերմանիոյ արդարադատութեան նախարար Հիկոյ Մաս «Facebook»ին կոչ ըրած էր, յարգել Գերմանիոյ բողոքարկման արգելման օրէնքները, միւս կողմէ գերմանացի պատասխանատուներ մտահոգութիւն յայտնած են համացանցի վրայ տարածուած «կեղծ լուրերու» եւ «ատելութեան ճառերու»՝ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ ունենալիք ազդեցութեան շուրջ:

Նշենք, որ Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կայանան սեպտեմբեր ամսուն, ուր վարչապետ Անկելա Մերքէլ կը ​​ձգտի իշխանութեան վրայ մնալ՝ չորրորդ անընդմէջ շրջանի համար: