Գերմանիան մտադիր է մինչեւ տարեվերջ հրաժարելու ռուսական քարիւղի մատակարարումներէն, նոյնիսկ եթէ ԵՄ-ն չյաջողի համաձայնեցնել անոր մատակարարման արգելքը պատժամիջոցներու յաջորդ փաթեթի շրջանակներուն մէջ: Այս մասին յայտնած է Bloomberg գործակալութիւնը` վկայակոչելով գերմանացի պատասխանատուներու շրջանին մէջ իր աղբիւրներուն:
Գործակալութեան փոխանցմամբ` Գերմանիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչները ընդգծած են, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ ջանքեր գործադրել ուժանիւթակիրներու այլընտրանքային մատակարարներու հետ գործարքներ կնքելու ուղղութեամբ: Կառավրութիւնը վստահ է, որ յառաջիկայ վեց կամ եօթը ամիսներու ընթացքին պիտի կարեէնան լուծել լոճիսթիքի հետ կապուած բոլոր խնդիրները:
Գերմանիոյ Տնտեսութեան նախարարութեան տուեալներով` Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ սկսած յատուկ գործողութեան սկիզբէն ի վեր ռուսական նաւթի մասնաբաժինը Գերմանիա մատակարարուող նաւթի ընդհանուր ծաւալին մէջ նուազած է` շուրջ 35 տոկոսէն հասնելով մինչեւ 12 տոկոսի:
Այժմ երկրի իշխանութիւններուն կը մնայ որոշել` ինչպէ՞ս ստանալ բաւարար քանակութեամբ նաւթ այլընտրանքային աղբիւրներէ Արեւելեան Գերմանիոյ մէջ գտնուող առանցքային նաւթավերամշակման գործարանին համար, որ մեծապէս կախուած է ռուսական նաւթի մատակարարումներէն: