image

Գերմանիա. Ընտրութիւններ եւ նոր կանցլէր...

Գերմանիա. Ընտրութիւններ եւ նոր կանցլէր...

Կիրակի, 26 Սեպտեմբերին, Գերմանիոյ մէջ մեկնարկած են խորհրդարանական ընտրութիւնները: Իւրաքանչիւր ընտրող կը քուէարկէ երկու անգամ՝ սկիզբը կուսակցութեան ցուցակի, այնուհետև ՝ միամանդատ ընտրատարածքի թեկնածուի համար:

Գերմանիոյ Պունտեսթակի ընտրութիւնները տեղի կ'ունենան չորս տարին մէկ անգամ: Այն կուսակցութիւնը, որ կը հաւաքէ ձայներու մեծամասնութիւնը, կ'ընտրէ կանցլերը:  Որպէս կանոն, առաջատարները կ'ըլլան Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը կամ Քրիստոնեա-դեմոկրատներու դաշինքը, վերջինիս ներկայացուցիչը գործող կանցլեր Անկելա Մերքելն է:

Ընտրութիւններուն կը մասնակցին եւս չորս խոշոր կուսակցութիւններ՝ «Ձախ», «Կանաչ», Ազատ դեմոկրատական կուսակցութիւնը եւ «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար»:

Վերջին չորս ընտրութիւններուն յաղթողը քրիստոնեա-դեմոկրատներն էին, ուստի Մերքելը Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան կանցլեր էր 16 տարի անընդմէջ: Ան ընտրութիւններէն առաջ ան պաշտօնապէս յայտարարած է իր թոշակի անցնելու մասին: Մերքելի իրաւայաջորդը կը համարուին Արմին Լաշեթը կամ Մարքուս Սոտըրը: Եթէ յաղթեն սոցիալ-դեմոկրատները, կանցլեր կը դառնայ Շոլցը: Կանաչներու յաղթանակի պարագային երկիրը կը ղեկավարէ Պերպոքը: