image
Հրատապ լուրեր:

Գատիրով դժգոհ է Անգարայէն. Պատճա՞ռը

Գատիրով դժգոհ է Անգարայէն. Պատճա՞ռը

Չեչնիոյ Հանրապետութեան ղեկավար Ռամզան Գատիրովը չեչեն անջատողականներու առաջնորդ, Իչքերիա Չեչենական ինքնահռչակ Հանրապետութեան (ԻՉՀ) նախագահ Ճախար Տուտաեւի անունը կրող այգիի բացումէն յետոյ դիմա է Ռուսաստանի Արտքաին Գործոց նախարարութեան՝ խնդրելով արձագանգել թրքական իշխանութիւններու գործողութիւններուն։

Գատիրովը նաեւ կոչ ըրած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին՝ որոշելու, թէ արդեօք ինքը կո՞ղմ է «թափանցիկ եւ ազնիւ յարաբերութիւններուն Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ»:

Ըստ մի քանի ԶԼՄ-ներու՝ Դեկտեմբերի կէսերուն Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Գորֆեզ քաղաքին մէջ բացուած է այգի, որ անոպանակոչուած է չեչեն անջատողականներու առաջնորդ, Իչքերիա Չեչենական ինքնահռչակ Հանրապետութեան (ԻՉՀ) նախագահ Ճախար Տուտաեւի անունով։

«Ինծի դիմած են Չեչնիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի, իրաւապահ մարմիններու եւ հոգեւորականներու ներկայացուցիչներ՝ խնդրելով արձագանգել թրքական իշխանութիւններու գործողութիւններուն, որոնք կը կոծկեն Ռուսաստանի մէջ յանցագործութիւն կատարած ահաբեկիչները, այնուհետեւ համացանցի վրայ ցեխ կը շպրտեն երկրի եւ հանրապետութեան ամբողջ ղեկավարութեան վրայ։ Կը դիմեմ նաեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան՝ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ներկայիս գործողութիւնները ուղղակի սպառնալիք են դարեր շարունակ զարգացող ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն համար։ Պէտք է ուշադրութիւն դարձնել ասոր եւ կանխարգելիչ դիւանագիտական միջոցներու ձեռնարկել նման դրսեւորումներու դէմ», գրած է Գատիրովը։