image

Գանատայի կառավարութիւնը նշանակած է Հայաստանի մէջ իր առաջին դեսպանը

Գանատայի կառավարութիւնը նշանակած է Հայաստանի մէջ իր առաջին դեսպանը

 Էնտրիւ Թըրնըրը նշանակուած է Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպան:

Կը սպասուի, որ Գանատայի դեսպանութիւնը Երեւանի մէջ սկսի գործել 2023-ի հոկտեմբերին: Մինչ այդ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Գանատայի դեսպանի նստավայրը Մոսկուան էր:

Էնտրիւ Թըրնըրը Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կ'աշխատի 2002 թուականէն եւ նախքան Հայաստանի մէջ դեսպան նշանակուիլը կը գլխաւորէր Արեւելեան Եւրոպայի եւ Եւրասիայի բաժինը:

Տարբեր տարիներու Էնտրիւ Թըրնըրը աշխատած է Սէուտական Արաբիոյ, Սուրիոյ, Աֆղանստանի, Փաքիստանի եւ Իրաքի մէջ Գանատայի դեսպանութիւններուն մէջ:

cbc.ca-ն ընդգծած է, որ այս դեսպանի նշանակումը տեղի կ'ունենայ այն փուլին, երբ Ատրպէյճանի հետ ռազմական հակամարտութիւնը կը սրի, նաեւ այն լոյսի տակ, երբ լիպերալները կը փորձեն աւելի սերտ կապեր հաստատել Ռուսիոյ ուղեծիրէն հեռացող երկիրներու հետ: