image

Պէզճեան մայր վարժարանի 13 շրջանաւարտները գեղեցիկ հանդէսով մը հրաժեշտ տուին դպրոցին

Պէզճեան մայր վարժարանի 13 շրջանաւարտները գեղեցիկ հանդէսով մը հրաժեշտ տուին դպրոցին

Օրերս  տեղի ունեցած է Պէզճեան Մայր վարժարանի կրթական տարեշրջանի աւարտը ներկայացնող ամավերջի հանդէսը։ 

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Պոլսոյ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս այս մասին կը գրէ՝

Գումգաբուի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուայ հունձքին։ Նախընթաց օր Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ փայլուն հանդէս մը, որով այս տարուան 13 շրջանաւարտները հրաժեշտ առին դպրոցէն։

Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որուն ընկերացաւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էին նաեւ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ գործակից ընկերները, Գումգաբուի ընտանիքէն այլ պատասխանատուներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Շրջանաւարտները հանդէսի ընթացքին գործադրեցին ամփոփ յայտագիր մը, որու աւարտին ստացան իրենց վկայականները։

Աւելի վերջ «Պէզճեան» սրահի երդիքին տակ անոնք միասնաբար զուարճացան եւ իրարու յաջողութիւն մաղթեցին՝ ապագայ ուսումնառութեան ճանապարհին։ Բոլորը խոստացան դպրոցէն վերջ իրարու հետ կապերը ամուր պահել՝ մինչ Գումգաբուի ընտանիքն ալ ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուաւ անոնց նկատմամբ։