image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտnւթեան սրում չի սպասուիր. «Fitch»

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտnւթեան սրում չի սպասուիր. «Fitch»

«Fitch» վարկանիշային գործակալութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լայնամաշտապ ռազմական մագլցում չակնկալեր։ Այս մասին ըսուած է երկիրներու տնտեսական զարգացման վերաբերեալ «Fitch»ի կանխատեսումներուն մէջ։

Երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը կը գնահատուի որպէս բարդ գործընթաց՝ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի պահանջները Հայաստանի նկատմամբ (արտատարածքային միջանցքի եւ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու վերաբերեալ), սակայն գործակալութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լայնամաշտապ ռազմական մագլցում չակնկալեր՝ նոյնիսկ հաշուի առնելով, որ ատրպէյճանական զօրքերը դեռ կը մնան Հայաստանի տարածքի առանձին հատուածներու մէջ, եւ երկու երկիրներու միջեւ ժամանակ առ ժամանակ փոխհրաձգութիւններ տեղի կ՚ունենան։

Աշխարհաքաղաքական կանխատեսումներուն «Fitch»-ն անդրադարձած է նաեւ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն։ Գործակալութեան գնահատմամբ՝ հակառակ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ քաղաքական յարաբերութիւններու վատթարացման, տնտեսական կապերը կը մնան շատ ամուր, իսկ Հայաստանի ուժանիւթային կախուածութիւնը Ռուսիայէն՝ շատ բարձր: