image

Պէյրութի մէջ. Օգնական Եպիսկոպոսի անդրանիկ Սուրբ Պատարագը՝ Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ

Պէյրութի մէջ. Օգնական Եպիսկոպոսի անդրանիկ Սուրբ Պատարագը՝ Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ

Օրերս, Պէյրութի Սուրբ Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Օգնական Եպիսկոպոս Արհիապատիւ Հայր Գրիգոր Եպս. Պատիշահ անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Սուրբ Եղիա» եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ - Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը իր Երիտասարդական յանձնախումբով, նշեց եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբերէն «Սուրբ Եղիա» Մարգարէին տօնը:

Այս առթիւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցանեց տեղւոյն Պատրիարքական Թեմին Օգնական Եպիսկոպոս Արհիապատիւ Հայր Գրիգոր Եպս. Պատիշահ, առընթերակայութեամբ՝ Տէր Րաֆֆի Քհնյ. Յովհանիսեանի եւ Հայր Արամ Վրդ. Աբրահամեանի:

Ս. Զոհին մասնակցեցան հայ եւ օտար հոգեւորականներ, պետական, ազգային, կուսակցական, մշակութային, միութենական ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներ։

Պատարագի աւարտին, ժողովրդապետութեան անունով Արհի. Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահը Քահանայապետական օրհնութեան գիր յանձնեց 26 զոյգերու, որոնք իրենց Ս. Պսակի խորհուրդէն անցած է 30 տարիներ։ Ապա, օրուայ տօնին առիթով կոկիկ հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ «Պօղոսեան» սրահին մէջ եւ նշուեցաւ Եղիա անունը կրողներուն անուանակոչութիւնը:

Յաջորդ օրը, Շաբաթ, 20 Յուլիս 2024-ի երեկոյեան ժամը 9-ին, նախագահութեամբ՝ Արհի. Հ. Գրիգոր Եպս. Պատիշահի, տեղի ունեցաւ Սուրբ Եղիայի տօնին տարեկան ճաշկերոյթը «Jardin de Stone» ճաշարանին մէջ, ուր ներկաները եղբայրական ուրախ, խանդավառ ու անակնկալներով լեցուն ժամանակ մը անցուցին միասին:

Այս առիթով ժողովրդապետութեանս անունով, մեր ջերմ բարեմաղթութիւնները կը յայտնենք, բոլոր անոնց որոնք Եղիա, Եղիկ, Էլի, Էլիաս, Էլիա եւ այս նման անունները կը կրեն: