image

Գալիֆորնիան եւ Սիւնիքը քոյր մարզեր

Գալիֆորնիան եւ Սիւնիքը քոյր մարզեր

ԱՄՆ Գալիֆորնիա նահանգի Ծերակոյտը ընդունած է Հայաստանի Սիւնիքի մարզին հետ քոյր-նահանգ/մարզ համագործակցութիւն հաստատելու մասին բանաձեւ:

Այս բանաձեւով Գալիֆորնիան համերաշխութիւն կը յայտնէ Հայաստանի հարաւային մարզին` Սիւնիքին:

Այն պիտի նպաստէ երկու վարչական միաւորներու կրթական, տնտեսական եւ մշակութային փոխշահաւէտ համագործակցութեան: Կը նշուի, որ Հայաստանն ու Միացեալ Նահանգները կապուած են պատմական, ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ բարգաւաճման ընդհանուր արժէքներով, եւ այս բանաձեւին ընդունումը կը վերահաստատէ այդ փաստը: 

Գալիֆորնիոյ նահանգի ներկայացուցիչ Քրիս Հոլտընը նշած է, որ Սիւնիքի մարզին հետ յարաբերութիւններու ամրապնդումը կը կատարուի այն ժամանակ, երբ տարածաշրջանային ուժերը` Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան, վտանգ կը ներկայացնեն մարզին գոյութեան ու  կենսապահովման:

«Այս բանաձեւը կը վերահաստատէ Գալիֆորնիոյ համերաշխութիւնը Հայաստանի եւ մեր 1 միլիոննոց ուժեղ հայ համայնքին հետ: Այսօր մենք երկարատեւ կապեր կը ստեղծենք աւելի լաւ վաղուան օրուան համար», նշած է ան: