Ընդհանուր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան մէջ 2020 թուականի հոկտեմբեր 8-ին սկսած է ուսումնասիրութիւն՝ Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող գոյքի առնչութեամբ: Դատախազութենէն յայտնած են, որ Ծառուկեանէն կը պահանջեն բռնագանձել 79 անշարժ գոյք, 42 փոխադրային միջոց, 86 միլիառ դրամ, 39 իրաւաբանական անձանցի մէջ բաժնեմասեր եւ բաժնետոմսեր։
Ըստ հաղորդագրութեան՝ ուսումնասիրութեան ընթացքին Վարչութիւնը, իրացնելով «Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքով նախատեսուած իր լիազօրութիւնները, համապատասխան հարցումներ կատարած է տարբեր պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններ, հաւաքած անհրաժեշտ տեղեկատւութիւն, այդ շարքին՝ դրամատնային գաղտնիք կազմող տուեալներ, որու հետեւանքով, կատարուած ուսումնասիրութեամբ բացայայտուած եւ օրինական եկամուտներով չհիմնաւորուող գոյքի նկատմամբ հայցի նախնական ապահովման միջոցներ կիրառելու դիմում ներկայացուած է դատարան:
Դատարանի որոշմամբ՝ Գագիկ Ծառուկեանին եւ անոր փոխկապակցուած անձանց արգիլուած է կատարել շարք մը անշարժ եւ շարժական գոյքերու տնօրինման հետ կապուած գործողութիւններ:
Շահագրգիռ անձինք ծանօթացած են ուսումնասիրութեամբ հաւաքուած տուեալներուն, անոնց տրուած է դիրքորոշում ներկայացնելու հնարաւորութիւն, սակայն Վարչութեան կողմէ ապօրինի գնահատուած գոյքերու ձեռքբերման օրինականութիւնը հիմնաւորող տուեալներ շահագրգիռ անձինք դեռ չեն ներկայացուցած:
Այնուհետեւ, Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող գոյքի առնչութեամբ սկսած ուսումնասիրութեան հետեւանքով 2023 թուականի հոկտեմբեր 9-ին Հակակոռուպցիոն դատարան ներկայացուած է ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հայցադիմում, որ 2023 թուականի հոկտեմբեր 10-ին ընդունուած է վարոյթ:
Համաձայն հայցադիմումի՝ ՀՀ ընդհանուր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին Գագիկ Ծառուկեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձերէն յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագանձել.
79 անշարժ գոյք.
42 փոխադրային միջոց.
Չնոյնականացուած 8 փոխադրային միջոցներու ձեռքբերման արժէք՝ 348 միլիոն 194 հազար դրամ.
Զիջուած պահանջի իրաւունքի գումար՝ շուրջ 33 միլիոն դրամ.
10 անշարժ գոյքի, որոնք օրէնքի իմաստով կը պատկանին Գագիկ Ծառուկեանին, շուկայական արժէք.
39 իրաւաբանական անձանցի մէջ բաժնեմասեր եւ բաժնետոմսեր.
63 միլիառ դրամի փոխառութիւններու պահանջի իրաւունք.
12 ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձանց (որոնց հնարաւոր չէ եղած նոյնականացնել) տրամադրուած փոխառութիւններու գումարի չափ գումար՝ շուրջ 16.8 միլիառ դրամ.
86 միլիառ 400 միլիոն դրամի բռնագանձման պահանջ, որ կը հանդիսանայ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի օգտագործումէն ստացուած եկամուտներու եւ օրինական եկամուտներով չհիմնաւորուող վճարումներու, փոխանցումներու եւ այլ ելքերու հանրագումար:
Յիշեցնենք, որ 2020 թուականին յարուցուած քրէական գործով (վարոյթով) Գագիկ Ծառուկեանը ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ, որմէ ետք Ընդհանուր դատախազութեան Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութեան մօտ ստացուած են անհրաժեշտ այն տեղեկութիւնները, որոնց հիմքով 2020 թուականի հոկտեմբեր 8-ին սկսած է Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող գոյքի ուսումնասիրութիւն: