image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսայի մէջ խառնակ իրավիճակ. Եղած են թալանումներ

Ֆրանսայի մէջ խառնակ իրավիճակ. Եղած են թալանումներ

Անկարգութիւններ տեղի ունեցած են Ֆրանսայի Սթրազպուրկի կեդրոնին մէջ, օր ցերեկով թալանուած են Apple եւ Lacoste խանութները։ Այս մասին գրած է Actu Strasbourg-ը

Apple խանութը չէ հասցուցած փակել դռները։ Մօտ 50 հոգի մտած ու թալանած է այն՝ վերցնելով ցուցադրուած բոլոր հեռախօսները, ըստ թալանին մասնակցած երիտասարդներու ցուցումներու, որոնց տւոյն վրայ հարցուցած է Actu Strasbourg-ը:

Թալանուած է նաեւ Lacoste խանութը, որ Ալեպարտ փողոցի վրայ է: Twitter-ի էջիմ տարածուած է տեսանիւթ, ուր կ'երեւի, թէ ինչպէս մարդիկ կը մտնեն ներս ու դուրս կու գան հագուստներով։

Ֆրանսայի մէջ զանգուածային անկարգութիւնները սկսած են այն բանէն ետք, երբ Փարիզի Նանթեր արուարձանին մէջ ոստիկանը կրակած ու սպանած է Mercedes մեքենայ վարող 17-ամեայ դեռահասը, որ հրաժարած է ենթարկուիլ իրաւապահներու պահանջներուն։ Դատարանը կրակողը կալանաւորելու որոշում կայացուցած է։

30 Յունիսի գիշերը բերման ենթարկուած է աւելի քան 660 քաղաքացի։ Բերման ենթարկուածներու առնուազն մէկ երրորդը երիտասարդներ եւ անչափահասներ են։