Ֆրանսայի Ազգային ժողովը մերժած է բանաձեւի նախագիծը, որով կոչ կը կատարուի կառավարութեան՝ քաղաքական ապաստան տրամադրելու WikiLeaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժին:
Բանաձեւի նախագիծը քննարկման ներկայացուած էր խումբ մը խորհրդարանականներու կողմէ: Անոնք Ֆրանսայի իշխանութիւններուն առաջարկած են Ասանժին ապաստան տալ երկրի մը մէջ, որ կը պաշտպանէ մամուլի եւ անհատի ազատութիւնը: Բանաձեւին կողմ արտայայտուած է 17 պատգամաւոր, դէմ` 31:
Նախաձեռնութեան հեղինակները նշած են, որ WikiLeaks-ի հիմնադիրը ԱՄՆ-ի կողմէ աւելի քան մէկ տասնամեակէ կ'ենթարկուի դատական, «բայց իրականութեան մէջ քաղաքական հետապնդումներու»:
2021-ի Դեկտեմբերին յայտնի դարձաւ, որ Ասանժը միջնորդութիւն ներկայացուցած է` բողոքարկելու ԱՄՆ արտայանձնման մասին դատարանի որոշումը: Անգլիոյ եւ Ուելզի Գերագոյն դատարանը Դեկտեմբեր 10-ին թոյլ տուած էր Ասանժը արտայանձնել ԱՄՆ: