Ֆրանսան խստօրէն կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի սկսած ռազմական գործողութիւնը՝ ծանր սարքերու կիրառմամբ, այդ շարքին՝ բնակելի շրջաններու ուղղութեամբ։
«Ոչ մէկ պատրուակ կրնայ արդարացնել նման միակողմանի գործողութիւնները, որոնք կը սպառնան ամիսներ շարունակ տեւող ապօրինի շրջափակումէն տառապող հազարաւոր քաղաքացիական անձանց եւ կը հակասեն բանակցային ճանապարհով կարգաւորման հասնելու միջազգային հանրութեան ջանքերուն։
Ֆրանսան կոչ կ'ընէ Ատրպէյճանին անյապաղ դադրեցնելու յարձակումը եւ յարգելու միջազգային իրաւունքը։ Ֆրանսան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ճակատագրի համար բացառիկ պատասխանատւութիւնը կը դնէ Ատրպէյճանի վրայ։
Ֆրանսան կոչ կ'ընէ շտապ հրաւիրելու ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ։
Փարիզը սերտ կապի մէջ է եւրոպացի ու ամերիկացի գործընկերներու հետ՝ վճռականօրէն արձագանգելու այս անընդունելի յարձակման»,-ըսուած է Ֆրանսայի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։