image

Ֆրանսա. Երկու Կիսամերկ Կանայք Մահմետականութեան Նուիրուած Դասախօսութեան Մը Սրահը Ներխուժած Են

Ֆրանսա.    Երկու Կիսամերկ Կանայք Մահմետականութեան  Նուիրուած  Դասախօսութեան Մը Սրահը  Ներխուժած  Են

Ֆրանսա-(«Ալ Ժատիտ»)«Կնոջ Դերը Մահմետականութեան Մէջ» խորագրուած դասախօսութեան ընթացքին սրահ կը խուժեն երկու կիսամերկ կանայք եւ հակամահմետական կոչեր կը հնչեցնեն:Երկու կրօնաւորներու ելոյթի ընթացքին ներս խուժած աղջիկները կը գրաւեն բարձրախօսը եւ կը սկսին «ոչ ոք կը ստրկացնէ զիս» կանչել ներկաներուն: Հրաւիրուած բանախօսները զարմացած կը դիտեն եւ բեմը կի զիչին ֆեմինիստական այս ցոյցին: Ֆրանսա բնակող մահմետական ընտանիքներէն հաւաքուած ներկաները զաւեշտով եւ ծիծաղով ընդունած են պատահածը: Ֆեմինիստ շարժումի բանբեր Այնա Շեֆչէնկօն պարզաբանելով եղածը ըսած է, որ մահմետականութեան մէջ կինը ծեծելու խնդիրը կը քննարկուէր երբ բողոքող աղջիկները մտած են սրահ եւ նկատեց որ ներկաներէն ոմանք հայհոյած եւ պահանջած են սպաննել զանոնք: Ոստիկանութիւնը ձերբակալած է դասախօսութիւնը ընդհատած աղջիկները եւ հարցաքննելէ վերջ՝ ազատ արձակած է զանոնք: