image

Ֆիտան եւ Պայրամով անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման

Ֆիտան եւ Պայրամով անդրադարձած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման

Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովի ծիրէն ներս հանդիպած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները, քննարկած քաղաքական, անվտանգային, տնտեսական, փոխադրային, մարդասիրական եւ այլ ոլորտներու մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը: 

Ճէյհուն Պայրամով եւ Հաքան ֆիտան, ի թիւս այլնի, շեշտած են թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ծիրէն ներս գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։ 

Անդրադարձ եղած է Հարաւային Կովկասին, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։

Հանդիպած են նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներ Եաշար Կիւլերը եւ Զաքիր Հասանովը: