image

«Եւ սպայ է ամէն մի հայ». Տակաւին յստակ չէ, առանձինն ատրպէյճանական շարասիւնը կանգնեցնել փորձած հերոս զինուորի անունը

«Եւ սպայ է ամէն մի հայ». Տակաւին յստակ չէ, առանձինն ատրպէյճանական շարասիւնը կանգնեցնել փորձած հերոս զինուորի անունը

Ռուս ռազմական լրագրող Եուրի Քոթենոք իր Telegram-ալիքով հրապարակած է տեսանիւթ, որուն մէջ հայ զինուորը կը փորձէ առանձինը կանգնեցնել ատրպէյճանական շարասիւնը:

«Ղարաբաղի մէջ առնուած տեսանիւթին մէջ ինքնաձիգով եւ նռնակով հայ զինուոր է (կամաւոր կամ պահեստային), որ, հակառակ հակառակորդի թուային բացարձակ գերազանցութեան, կը փորձէ կանգնեցնել ատրպէյճանական շարասիւնը։

Ան կրնար ապրիլ՝ հաւատալ ատրպէյճանցի սպայի խօսքին, գոռալ «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է» եւ կոտրուած ու նուաստացած վերադառնալ տուն։ Փոխարէնը ան մահացաւ որպէս տղամարդ եւ մարտիկ: Եւ քանի դեռ հայերու մէջ կան այսպիսի տղամարդիկ, այս ժողովուրդին կարելի չէ կոտրել:

«Դուք վախկոտ էք»,-ըսաւ ան եւ բարձրացուց ինքնաձիգը, բայց չի կրակեց։ «Ես նոյնիսկ չեմ կրակած»՝ սա անոր վերջին խօսքերը եղած են։ Հիմա Հայաստանի մէջ կը փորձեն պարզել թշնամիին չյանձնուած միայնակ հերոսի անունը»,- գրած է Քոտենոքը։