44-օրեայ պատերազմէն ետք շարունակական ճնշումները, սադրանքները Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ կը շարունակուին, եւ ատոր վառ ապացոյցը այն փաստաթուղթն էր, որ մենք 2 դեկտեմբերին Ազգային Ժողովէն ներս արտահերթ նիստով կը քննարկէինք։ Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին ըսած է «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Սէյրան Օհանեան։
Անդրադառնալով օրեր առաջ խումբ մը ատրպէյճանցիներու կողմէ Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհը փակելու դէպքին, Օհանեան նշած է, որ նմանատիպ սադրանքներ պիտի ըլլան նաեւ հետագային։
«Կուլ գնալ խաղաղութեան կեղծ օրակարգին, հենց այնպէս համաձայնուել նրանց թելադրանքներին, միակողմանի փոխզիջումների գնալ եւ այլն, այս բոլորը բերելու են Ատրպէյճանի կողմից տարբեր սադրանքների։ Արցախի իշխանութիւնները յոյս չեն կարող կապել ՀՀ իշխանութիւնների հետ, պէտք է համապատասխան աշխատանքներ տանեն ռուս խաղաղապահների հետ, նրանց հետ համագործակցութեան եզրերը յստակեցնեն, որովհետեւ առանց նրանց անհնար կը լինի ապահովել Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը»,- ըսած է Օհանեան։
Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանը սահմանին սադրանքներու կը դիմէ ոչ թէ «Դիմադրութիւն» շարժման համար, այլ սահմանը կահաւորուած չըլլալու պատճառով։
Անդրադառնալով Դատախազութեան կողմէ զինք պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու միջնորդութիւն ներկայացնելու մասին տեղեկութիւններուն, Օհանեան ըսած է․
«Այդ հարցը պէտք է տալ Դատախազութեանը, ԱԺ ղեկավարութեանը, եթէ այդպիսի գործընթաց կայ, պէտք է տեղեակ պահել պատգամաւորին, ես այդպիսի տեղեկութիւններ չունեմ։ Ես պատգամաւորական մանթատի թիկունքում չեմ թաքնւում, մանթատը ինձ համար մեր ժողովրդին ծառայելն է, եթէ նման գործընթաց կայ, թող սկսեն։ ԱԺ ղեկավարը պէտք է կարողանայ նաեւ պահպանել պատգամաւորի շահերը, իմ՝ որպէս պատգամաւորի շահերը մինչեւ վերջ չի պահպանուել, հանդիսանալով ՀԱՊԿ միջխորհրդարանական վեհաժողովի Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան կոմիտէի անդամ՝ ինձ երբեւէ թոյլ չեն տուել մասնակցել այդ կոմիտէների աշխատանքներին»։