image
Հրատապ լուրեր:

Եթէ անգամ ժողովուրդը ԼՂ-ի մէջ չէ, այդ հողի ու գոյքի տէրն է․ Օքամփօ

Եթէ անգամ ժողովուրդը ԼՂ-ի մէջ չէ, այդ հողի ու գոյքի տէրն է․ Օքամփօ

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօն «Արմէնփրէս»-ի թղթակցի հետ զրոյցին նշած է, որ Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած բռնի տեղահանումը եւս ցեղասպանութեան ձեւ է։

«Այդ նոյնպէս ցեղասպանութիւն է`համաձայն Ցեղասպանութեան համաձայնագրի 2-րդ յօդուածի B կէտի (խումբի անդամին մարմնական կամ հոգեկան ծանր վնաս հասցնելը)։ Այն փաստը, որ 100 հազար մարդ հեռացած է, ցոյց կու տայ հոգեբանական վնասը, քանի որ անոնք թողած են ամէն ինչ։ Ուրեմն այդ ցեղասպանութեան տեսակ է, ցեղասպանութիւնը միայն սպանութիւն չէ: Այո, սպանութիւնը զանգուածային չէր, բայց հոգեկան վնաս կայ՝ ամբողջ համայնքը լքեց իր հայրենի հողը»,- ըսած է ան։

Օքամփօն կը կարծէ, որ պէտք է պայքարիլ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու համար․ «Պէտք է պայքարիլ ժողովուրդի իրաւունքը յարգելու համար, քանի որ ժողովուրդը, եթէ անգամ այնտեղ չէ, միեւնոյնն է՝ այդ հողի ու գոյքի տէրն է, ուստի պէտք է յարգել անոր իրաւունքները»,- նշած է ան։

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազը նաեւ առաջնահերթ խնդիր կը համարէ Ատրպէյճանի մէջ գտնուող պատանդները ազատելը․ «Մենք ունինք Արդարադատութեան միջազգային դատարան, ենթադրաբար, պետութիւններու համար, եւ կայ Միջազգային քրէական դատարան՝ անձանց հետապնդելու համար: Այդ մարդոց ազատ արձակելու իրաւական գործընթացը պարզ չէ, բայց մենք պէտք է քաղաքականապէս զարգացնենք գործընթացը»։