Ո՞վ, ի՞նչ չար անէծք կապեց մեր գլխուն որ մահաբեր հրեշտակը (կամ արդեօք հրէշը՞) այցելեց մեր թաղը ու ընդամէնը մէկ շաբթուայ մէջ կեանքէ խլեց այսքան սիրելի դէմքեր։
Արդէն խորապէս ցնցուած էինք Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէրի մահուան գոյժով։ Վրայ հասաւ բարի ընկերոջ մը՝ Տիգրան Թոփալեանի մահուան տխուր լուրը։ Տիգրան իրեն ժառանգուած աւանդւոյթ մը ըլլալով կը շարունակէր հարազատ հօրը՝ Բարունակ Թոփալեանի հիմնած «Ֆօթօ Շենէլ»ի առաքելութիւնը։
Պարոն Բարունակ ամէն տարի ուսման տարեշրջանի աւարտին մօտ օր մը կ՚այցելէր դպրոց եւ մեզ դասարան առ դասարան կ՚անմահացնէր իր ոսպնեակին շնորհիւ։ Այդ լուսանկարները տարիներ անց նոր իմաստներ կը ստանան, երբ ափսոսանքով կը հաշուենք խմբանկարէն առյաւէտ պակսող անունները։
Տիգրանն ալ հօրը մահէն ետք շարունակեց նման ծառայութիւնը, բայց ներկայ իրողութեան մէջ այլեւս այդքան ալ իմաստալից չէին թուէր յատուկ սարքերով առնուած ու թուղթի վրայ տպուած խմբանկարները։ Այժմ իւրաքանչիւր բջջային հեռախօս լուսանկարչական գործիք է նաեւ, որուն ձերբակալած պահը որոշ ժամանակ կը մնայ գործիքի յիշողութեան մէջ եւ շատ անգամ ալ կը կորչի, երբ գործիքը անգործածելի դառնայ։
Այդ նոյն օրը մեծ կսկիծով լսեցինք բարին բուն իմաստով կրթական մշակի մը՝ Տատեան Վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլուի մահը։ Թէեւ ընդհանրացած եզր մըն է կրթական մշակը, բայց ամէն ուսուցիչ կամ ուսուցչուհի կարող չեն այդ կոչումը արդարացնելու։ Մենք յաճախ կը հանդիպինք ուսուցիչ կամ ուսուցչուհիներու, որոնց նպատակադրած վերջին աշխատաձեւն է մանկավարժութիւնը։ Անոնք իրենց նախասիրութիւններու մէջ ակնկալուած յաջողութիւնը չունենալով, իբրեւ վերջին միջոց ակամայ ընդունած են այդ պաշտօնը։
Հերմինէ Պէնլիօղլու այս երեւոյթի հակապատկերն էր։ Ան իբրեւ առաջին նախասիրութիւն որդեգրեց նոր սերունդներ պատրաստելու պատասխանատու աշխատանքը եւ ամբողջ կեանքի մը ընթացքին կատարեց իր ստանցնած պարտականութիւնը։
Թոշակառու դառնալը պատճառ մը չեղաւ այդ առաքելութենէ հեռու մնալու համար։ Ան շնորհիւ իր հեզ ու բարի բնազդին, արդիւնաւէտ երկխօսութիւն մը հաստատեց իրեն յաջորդող պաշտօնակցին՝ Տիկին Ալիս Պայրամի հետ։
Անոնք միասնաբար կեանքի կոչեցին բազմաթիւ մշակութային բնոյթով միջոցառումներ, որոնք յաջողութիւնով աւարտեցան։ Այս պահուն կը յիշեմ օրիորդ Հերմինէի եւ տիկին Ալիսի «Ակօս»ի խմբագրատուն տուած այցելութիւնները։ Մերթ ընդ մերթ իրենց կ՚ընկերակցէր նաեւ մեր սիրելի բարեկամ, թատերական գործիչ Արամ Կոստանեանը։ Ուրախութիւնը կը փայլատակէր անոնց աչքերուն մէջ, երբ ոգեւորութեամբ կը պատմէին իրենց մշակած նոր ձեռնարկը։
Այս բոլորը անբաւարար էր կարծես, վրայ հասաւ անժամանակ կորուստ մը եւս։ Ոչ եւս էր ինքնաշարժներու նորոգիչ մեր սիրելի ընկերը Յակոբ Տեմիրճին։
Ոչ միայն ճարտար վարպետ մը, այլ բարի բնաւորութիւնով օժտուած ընկեր մըն էր, որ հրաժեշտ կ՚առնէր մեզմէ, խոր տխրութիւն պատճառելով իր սիրեցեալներուն եւ որբ թողելով բազմաթիւ հնամաշ ինքնաշարժներ, որոնք իր ձեռնհասութեան շնորհիւ կը շարունակէին ծառայելու։
Յարգանք ու սէր, խունկ ու աղօթք բոլորին համար։
Բագրատ Էսդուգեան
«Ակօս»