image

«Ես դեռ կը հաւատամ մեր ազգի ուժին» ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեանի այցը՝ Արժանթին

  «Ես դեռ կը հաւատամ մեր ազգի ուժին» ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեանի այցը՝ Արժանթին

 

 ԱՀԱԸ-ի (AMMA) ժրաջան եւ նուիրեալ Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան անցնող օրերուն ծանօթացման այցեր տուած է Հարաւային Ամերիկայի տարբեր հայագաղութներ։

Աշխատանքային բնոյթ կրող այս այցելութիւններուն «Արեւելք» կ՚անդրադառնայ իր տեղեկութիւնները ստանալով ԱՀԱԸ-ի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։

 

 Ստորեւ Արժանթինի այցին մասին ներկայացուած լրատւութիւնը։

Ուրբաթ, 10 Փետրուար 2023-ին, ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան, ընկերակցութեամբ Քալիֆորնիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ աւագ հովիւ Վեր. Յարութ Խաչատրեանի եւ օոքթ. Վահրամ Շեմմէսեանի այցելեց «Diário Armênia»-ի հրատարակչատունը, Պուէնոս Այրէս, Արժանթինի մէջ: «Մեր այցը շատ զգացական էր»,- ըսաւ պարոն Խանճեան: «Նստանք գրասեղանի մը շուրջ, որ շրջապատուած էր առաստաղի բարձրութեամբ դարակներով, որոնց մէջ հայկական գիրքերու եւ հրատարակութիւններու կոյտեր կային՝ Նիկոլ Աղբալեանին եւ Դրոյին (Դրաստամատ Կանայեան) հայեացքներուն ներքոյ»: Գիրքերը հին ու մաշած էին, որ կը նշանակէր, թէ շատ գործածուած են, սակայն վերջինը պէտք էր վաղուց ըլլար։ «Ընթերցողներ չկան»,- ցաւով ըսաւ «Արմենիա»-ի նախորդ խմբագիր Գէորգ Գազանճեանը, որ ողջունեց հիւրերը, ներկայ խմբագիր Պօղոս Քէնտիրճեանի բացակայութեամբ, որ ամառնային արձակուրդի մէջ էր։ «Արմենիա» օրաթերթը վաղուց վերածուած է շաբաթաթերթի եւ համաճարակէն ետք վերածուեցաւ 80% սպաներէն լեզուով լոյս տեսնող թուային շաբաթաթերթի։ «Այս երկիրը, այս թերթը, այս խմբագրական բոյնը կ՚արձագանգէ ազգայնականներու ու մտաւորականներու սերունդի մը գործունէութիւնը, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած են Հայրենիքի բագինին վրայ, մեր արժէքներու պահպանման համար»,- շարունակեց պարոն Խանճեան։ «Այսօր, հինգ սերունդ անց եւ հինգ հազար մղոն հեռաւորութեան վրայ, այս սառած պատմութեան գիրքէն բաց էջ մըն է, ուր, ցաւօք սրտի, նոյնիսկ ՀՀ դեսպանութեան ջերմ հոսանքը չի կրնար հալեցնել»: Անդրադառնալով յարակից երկու հայկական դպրոցները յաճախող հարիւրաւոր երիտասարդներուն՝ ան ըսաւ. «Բայց դեռ յոյս կայ այս երիտասարդներէն, որոնց համար ներկայիս համայնքի ղեկավարութիւնը շատ բան կը զոհաբերէ, թէ՛ժամանակ, թէ՛ ոգի եւ թէ՛ նիւթական ։ Ես դեռ կը հաւատամ մեր ազգի ուժին։ Վկան մեր պատմութիւնն է»։