image

«Ես խաղաղութիւն կ՚ուզեմ».Արցախցի փոքրիկին ճիչը՝ Ասկերանէն

 «Ես խաղաղութիւն կ՚ուզեմ».Արցախցի  փոքրիկին  ճիչը՝ Ասկերանէն

Ամերիկայի  Հայ Աւետարանչական  Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) եւ Գանատայի  Հայ Աւետարանչական  Ընկերակցութեան (ԳՀԱԸ) «Եփրեմ եւ Զապել Պասմաճեաններ»ու անուան Ասկերանի մանկապարտէզի կրտսեր խումբի 4 տարեկանը չլրացուցած փոքրիկ Գոհարիկն է։ 

Հոգիս շատ վշտացաւ, երբ հերթական այցիս ժամանակ կրտսեր խումբին մէջ տեսայ փոքրիկ Գոհարիկի տխուր ու մտահոգ ըլլալը։ Անոր թախծոտ հայեացքը կարծես մարտահրաւէր նետեր աշխարհին, այս դաժան, շրջափակուած ու անորոշ իրավիճակին։ Ան կանգնած էր դրան մօտ եւ տխուր հայեացքով, մէջքը դրան յենած, մրմնջալով, ցած ձայնով կը խօսէր իր սիրած խաղալիքներուն հետ,- իմ ընկերներ դուք ալ իմ նման տխուր էք, չէ՞։ Ես չեմ ուզեր կռիւ ըլլայ, ես կ'ուզեմ խաղաղութիւն ըլլայ, որպէսզի ձեզի հետ իմ մանկապարտէզիս մէջ խաղամ։

Վայ մեր փոքրիկ Գոհար թագուհի, Աստուած թող ձայնդ ի լուր աշխարհին հասցնէ։ Թող յարատեւ յաղթական խաղաղութիւն տիրէ ու քեզ պէս բոլոր փոքրիկները ունենան երջանիկ ու ապահով ապագայ սեփական հայրենիքին մէջ»։

 

 Նշենք, որ  սոյն գրառումը եղած է Ացախեան շրջափակման ֆոնին, Գանատայի  Հայ Աւետարանչական  Ընկերակցութեան դիմատետրի էջով, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

«Ձայներ Արցախի Ասկերանի ԱՀԱԸ-ԳՀԱԸ Եփրեմ եւ Զապել Պասմաճեան մանկապարտէզէն:

Արցախը Շրջափակուած է Ատրպէյճանի կողմէ:

Մանկապարտէզի տնօրէնուհի՝ Անահիտ Դանիէլեան լսած է թէ ինչպէս 4-ամեայ Գոհարիկը կը խօսի իր խաղալիքներուն հետ,-  Ես չեմ ուզեր կռիւ ըլլայ։ Ես կ'ուզեմ խաղաղութիւն: 

Գոհարիկը ասոր համար չէ ստեղծուած: Թշնամին կը խլէ անոր մանկութիւնը»։