image

«Ես ալ տեսականօրէն կրնամ նստիլ ձեր աթոռին»․ Փայլանը՝ Չավուշօղլուին

«Ես ալ տեսականօրէն կրնամ նստիլ ձեր աթոռին»․ Փայլանը՝ Չավուշօղլուին

Թուրքերու պատմութիւնը առանց հայերու եւ քիւրտերու հնարաւոր չէ շարադրել: Նոյն կերպ ալ հնարաւոր չէ հայերու պատմութիւնը առանց թուրքերու եւ քիւրտերու պատմել: 

 

Քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութենէն (HDP-ԺԴԿ) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ (մեճլիս) խօսած է այդ երկրին մէջ տիրող ազգայնականութեան, խտրականութեան, հարեւաններու նկատմամբ եղած թշնամանքի մասին: 

Փայլան նշած է, որ դարեր շարունակ Հռոմի, Բիւզանդիոյ, Սելճուքեան ու Օսմանեան պետութիւններուն մէջ ժողովուրդները ինչ-որ կերպ կրցած են այս տարածաշրջանին մէջ միասին ապրիլ ու յաւելած. «Բայց անկէ յետոյ արդէն 150 տարի ազգայնականութեան հիւանդութիւնն է ներթափանցել այս տարածաշրջան: Առանձնաշնորհեալութեան հիւանդութիւնը ներթափանցած է:

Այդ ժամանակ ըսին, թէ մենք թուրք ենք: Շատ լաւ, բարով եկած էք, բայց չէ՞ որ այստեղ ալ ժողովուրդներ կային: Միասին ապրեցանք, միասին քաղաքակրթութիւն հիմնեցինք: Կը հպարտանաք ճարտարապետ Սինանի ստեղծագործութիւններով: Սինանը կեսարացի հայ էր: Ինչ ըրած ենք, միասին ըրած ենք: Յետոյ ազգայնականութեան ու առանձնաշնորհեալութեան հիւանդութիւնը եկաւ»:

Փայլան յիշեցուցած է, որ Գրիգոր Զօհրապը, որ օսմանեան խորհրդարանի ամբիոնէն կը խօսէր միասին ապրելու եւ հաւասար իրաւունքներու մասին, դաժանաբար սպաննուեցաւ կոտորածի ժամանակ: Հայ պատգամաւորին խօսքով՝ հայ եւ յոյն ժողովուրդները դաւաճանուած են:

Փայլան շեշտած է, որ թուրքերու պատմութիւնը առանց հայերու եւ քիւրտերու հնարաւոր չէ շարադրել: Նոյն կերպ ալ հնարաւոր չէ հայերու պատմութիւնը առանց թուրքերու եւ քիւրտերու պատմել: Ապա դիմած է դահլիճին մէջ նստած արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուին՝ յիշեցնելով, որ իրեն տարիներ շարունակ կոչ կ'ընէ ամբիոնէն ժողովուրդին դիմած ժամանակ ազգակիցներ բառի փոխարէն օգտագործէ հայրենակիցներ/քաղաքացիներ բառը:

«Ձեր աթոռին 110 տարի առաջ հայ նստած էր, ես ալ տեսականօրէն կրնամ նստիլ ձեր աթոռին: Դուք կը հաւնի՞ք, որ ես վեր կենամ ըսեմ՝ ազգակիցներուս համար այս կամ այն բանը կ'ընեմ: Չէք հաւնիր: Այս երկիրը ոչ թէ ազգակիցներ, այլ քաղաքացիներ ունի», ըսած է Փայլան թուրք նախարարին: