image

Էրտողանի համակարգը դէպի փլուզո՞ւմ (Տեսանիւթ)

 Էրտողանի համակարգը դէպի փլուզո՞ւմ (Տեսանիւթ)

Այստեղ անշուշտ կը ծագի մեծ հարցադրումը. Էրտողան պիտի վերընտրուի՞։ 

 Հարցումին պատասխան տալը, թէեւ իրօք դժուար ու բարդ գործ է, սակայն բոլոր տուեալները կան հաստատելու, որ Թուրքիոյ առաջնորդը ցոյց կու տայ «յոգնածութեան» բազմաթիւ նշաններ։

Անկասկած, որ Թուրքիան յայտնուած է կարեւոր անկիւնադարձի մը վրայ։ 

 Խօսքը մասնաւորապէս յառաջիկայ մայիսին Թուրքիոյ մէջ կայացուելիք համապետական ընտրութիւններու մասին է, որուն իբրեւ արդիւնք երկիրը պիտի ունենայ նոր խորհրդարան ու ամենակարեւորը նոր համակարգ։

 Այստեղ անշուշտ կը ծագի մեծ հարցադրումը. Էրտողան պիտի վերընտրուի՞։ 

 Հարցումը պատասխան տալը, թէեւ իրօք դժուար ու բարդ գործ է, սակայն բոլոր տուեալները կան հաստատելու, որ Թուրքիոյ առաջնորդը ցոյց կու տայ «յոգնածութեան» բազմաթիւ նշաններ։

 Արտաքին խնդիրներ, խնդիրներ հարեւաններու հետ, տնտեսական բարդ վիճակ ու ամենակարեւորը աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով հազարաւոր անտուն-անտէր մնացած «քուէարկողներ», որոնք շատ հաւանաբար իրենց ձայնը չտան Ռ. Թ. Էրտողանին։

Այս բոլորին մասին արտայայտուած է մեկնաբան Սագօ Արեան, որուն կարծիքով այսօր ամբողջ Թուրքիան կը գտնուի ջղագառուած եւ մանաւանդ սպասողական վիճակի մը մէջ։

 

 Մեկնաբանը այս առումով կը ներկայացնէ ուշագրաւ տեսանիւթ մը, ուր «Թիք թոք»ի «թրքական աշխարհ»ի անուններէն մին Էրտողանը կը դաւանի, որպէս նոր յայտնուած նոր մարգարէ։

Միւս մանրամասնութիւնները ՝ տեսանիւթով։

Չմոռնանք յիշեցնել մեր ընթերցողներուն՝ բաժանորդագրուիլ՝ Arevelk.am Youtube-եան ալիքին ու նաեւ հարկ եղած պարագային մեկնաբանութիւններ թողել նիւթերուն տակ։