image

Էրտողան յանուն ֆութպոլի, չեղարկած է այցը Շուշի. A Haber

Էրտողան յանուն ֆութպոլի, չեղարկած է այցը Շուշի. A Haber

Թուրքիոյ նախագահ Թայէպ Էրտողան չեղարկած է մասնակցութիւնը Շուշի քաղաքի մէջ կայանալիք Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթնաժողովին, քանի որ մտադիր է անձամբ ներկայ գտնուիլ 6 յուլիսին Պերլինի մէջ կայանալիք ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութեան քառորդ եզրափակչի՝ Թուրքիոյ եւ Հոլանտայի հաւաքականներու միջեւ հանդիպման։

Այս մասին յայտնած է թրքական A Haber հեռուստաալիքը։ 

Այս որոշումը, ինչպէս պարզաբանած է հեռուստաալիքը, ի թիւս այլնի, ընդունուած է կապուած ազգային հաւաքականի խաղցող Մերիհ Տեմիրալի շուրջ ծագած սքանտալի հետ: Եւրոպական ֆութպոլային կազմակերպութիւններու միութիւնը («Եու. Է. Էֆ. Ա.») թուրք ֆութպոլիսթի նկատմամբ հետաքննութիւն սկսած է՝ խաղի ժամանակ թուրք ազգայնականներու՝ «գորշ գայլեր»ու յայտնի ձեռքի շարժումը ցոյց տալու պատճառով:

Ինչպէս նշած է հեռուստաալիքը, Էրտողան պիտի ժամանէ Գերմանիա՝ «այս միջադէպէն ետք Թուրքիոյ քաղաքացիներու ոգին բարձրացնելու եւ ցոյց տալու համար, որ անոնց կողքին է»։ 

Էրտողանի ծրագրերու վերաբերեալ պաշտօնական յայտարարութիւն դեռ չէ եղած։