image

Էրտողան պիտի հաստատէ «Շուշիի հռչակագիր»ը

Էրտողան պիտի հաստատէ «Շուշիի հռչակագիր»ը

Թուրքիոյ նախագահ՝ Թայէպ Էրտողան հրամանագիր ստորագրած է Շուշիի հռչակագիրի հաստատման մասին, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական համագործակցութիւն կ'ենթադրէ, յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն՝ վկայակոչելով Anadolu գործակալութիւնը։

Աւելի վաղ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանները վաւերացուցին Շուշիի հռչակագիրը։

«Նախագահ Էրտողան ընդունած է Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան ղեկավարներու խորհուրդի պատուիրակութիւնը։ Ընդունելութեան ժամանակ նախագահ Էրտողան ստորագրած է համապատասխան նախագահական հրամանագիրը, որով հաստատած է Թուրքիոյ խորհրդարանի կողմէ ընդունուած Շուշիի հռչակագիրը։ Հրամանագիրը շուտով կը հրապարակուի կառավարութեան պաշտօնական տեղեկագրով եւ ուժի մէջ կը մտնէ»,- յայտնած է գործակալութիւնը։