image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան Կը Շահագործէ Ուքրանական Պատերազմը՝ Յառաջ Մղելու Համար Թուրքիոյ Անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան

Էրտողան Կը Շահագործէ Ուքրանական Պատերազմը՝ Յառաջ Մղելու Համար Թուրքիոյ Անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան

Թէեւ Լաւրով նկատի ունէր ՄԱԿ-ի 1970-ի հռչակագիրը՝ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիա ներխուժումը արդարացնելու համար, ըստ երեւույթին, սակայն, մոռցած է, որ իր մէջբերած սկզբունքը կը վերաբերի նաեւ արցախահայութեան։ Լաւրով կը պնդէր, որ Ուքրանիոյ կառավարութիւնը չի ներկայացներ ուքրանական պետութեան տարածքին մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդները։ Եթէ Լաւրով այսպէս կը մտածէ, ապա Ռուսիա պէտք է ընդունի, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը եւս չի ներկայացներ Արցախի տարածքին մէջ ապրող հայերը։ Հետեւաբար, Ռուսիա պէտք է յայտարարէ, որ կ՛աջակցի Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման...

 

Ռուս-ուքրանական պատերազմի  ընթացքին քանի մը ղեկավարներ խնդրայարոյց յայտարարութիւններ ըրին՝ քաոսային իրավիճակէն օգտուելու եւ իրենց  սեփական օրակարգերը յառաջ մղելու համար...

Այն պահուն, երբ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան տեղեկացաւ, որ Ուքրանիոյ կառավարութիւնը խնդրած է «անյապաղ միացում» Եւրոմիութեան (ԵՄ), նոյն այդ խնդրանքով ան դիմեց Թուրքիոյ համար։

Էրտողան կեղծաւորութեամբ ըսաւ. «Մենք բարձր կը գնահատենք Ուքրանիոյ՝ ԵՄ-ի անդամակցութեան հասնելու ջանքերը։ Բայց ես կը հարցնեմ ԵՄ-ի անդամներուն՝ ինչո՞ւ ձեզ կ՛անհանգստացնէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը՝ ԵՄ-ին»։ Ան կոչ ուղղեց ԵՄ-ի՝ թրքական խնդրանքին Ուքրանիոյ պէս «նոյն նրբազգացութիւնը» ցուցաբերել, ապա լկտիաբար քննադատեց ԵՄ-ի անդամ երկիրները՝ «անկեղծ չըլլալնուն համար»: 

Էրտողան թեթեւամտօրէն հարցուց. «Կ՛ընդգրկէ՞ք Թուրքիան ձեր օրակարգին մէջ, եթէ մէկը յարձակի նաեւ մեր վրայ»: Ապա դժգոհեցաւ. «Ինչո՞ւ չէք տար անհրաժեշտ ռազմական  սարքաւորումները Թուրքիոյ»։ Որպէսզի յարձակի եւ սպաննէ աւելի մեծ թիւով մա՞րդ եւ գրաւէ աւելի շատ երկիրնե՞ր: 

Թուրքիա ԵՄ-ի անդամակցութեան դիմում ներկայացուցած է 1987-ին եւ 1999-ին պաշտօնապէս ճանչցուած է իբրեւ անդամակցութեան թեկնածու, սակայն անդամակցութեան գծով անոր բանակցութիւնները, որոնք սկսած են 2005-ին, կասեցուած են Կիպրոսի կառավարութեան առարկութիւններուն պատճառով՝ 1974-ին, Թուրքիոյ կողմէ Հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւման ի հետեւանք։ Գերմանիա եւ Ֆրանսա նոյնպէս դէմ արտայայտուած են Թուրքիոյ ԵՄ-ի անդամակցութեան։

Նոյնիսկ Ուքրանիոյ պարագային, հակառակ այդ երկրին հանդէպ գոյութիւն ունեցող համակրանքին, երկար ժամանակ կը պահանջուի՝ ԵՄ-ի հետ անոր բանակցութիւններուն աւարտման եւ տնտեսական ու քաղաքական անհրաժեշտ բարեփոխումներու կատարման, մինչեւ որ երկիրը ԵՄ-ին անդամակցելու չափանիշներուն համապատասխանէ։

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ ԵՄ-ի անդամակցութիւնը  շատ  աւելի հեռու է, եթէ, անշուշտ անիկա երբեւէ տեղի ունենայ: Թուրքիա չի համապատասխաներ ԵՄ-ի անդամակցութեան չափանիշներուն։ Օրինակ, Թուրքիա ունեցած է ռազմական քանի մը յեղաշրջում եւ յեղաշրջման փորձեր՝ իբրեւ ամբողջացում իր հակաժողովրդավարական վարչակարգին, որ, իրականութեան մէջ, բռնապետութիւն է: Թուրքիա խախտած է մարդկային իրաւունքներու գրեթէ բոլոր օրէնքները, անոնց շարքին՝ լրագրողներու զանգուածային բանտարկութիւն, ազատ մամուլի փակում, աջակցութիւն իսլամական ահաբեկիչներու, քիւրտերու ջարդ, քրիստոնէական եկեղեցիներու պղծում, Հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւում, ռազմական միջամտութիւն Սուրիոյ, Հիւսիսային Իրաքի եւ Լիպիոյ մէջ, օգնութիւն Ատրպէյճանին՝ Արցախը բռնագրաւելու համար եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վճիռները գործադրելու մերժում:

ԵՄ-ի կարենալ անդամակցելու համար, Թուրքիա նախ պէտք է վերանայի իր ամբողջ սահմանադրութիւնն ու օրէնքները, որպէսզի դառնայ ժողովրդավարական երկիր, ազատ արձակէ բանտարկուած տասնեակ հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներ, դադրի ահաբեկիչներուն աջակցելէ, ընդունի եւ իրագործէ մարդկային իրաւանց եւրոպական չափանիշները, վերականգնէ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, դուրս գայ Հիւսիսային Կիպրոսէն, ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցէ հայկական կորուստները։

Էրտողան  երկչոտաբար հարցուց, թէ արդեօք Թուրքիա եւս կը քննարկուի՞ ԵՄ-ի անդամակցութեան համար, «երբ ոեւէ մէկը յարձակի նաեւ մեր վրայ», իրականութեան մէջ, ոչ ոք չէ յարձակած Թուրքիոյ վրայ, այլ՝ ընդհակառակն, Թուրքիա յարձակած է բազմաթիւ այլ երկիրներու վրայ:

Ցաւօք, ուքրանացի ժողովուրդին ողբերգական տառապանքը, ռուսական պատերազմի ժամանակ, եզակի երեւոյթ չէ։ Պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած են նման դաժան բազմաթիւ պատերազմներ եւ զանգուածային սպաննութիւններ։ Կարելի չէ մոռնալ 1915-էն 1923, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն հետեւանքով զոհուեցաւ 1.5 միլիոն հայ․ 1974-ին, Թուրքիոյ՝ Հյուսիսային Կիպրոս ներխուժումն ու բռնագրաւումը, որ դեռ կը շարունակուի․ Թուրքիոյ արշաւանքը Հիւսիսային Սուրիա եւ, 2020-ին, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ շղթայազերծած Արցախի դէմ պատերազմը՝ բարբարոսական պատերազմական յանցագործութիւններ կատարելով, մինչ աշխարհը լուռ կը դիտէր, երբ կը ռմբակոծուէին հիւանդանոցներ, դպրոցներ,  բնակարաններ, կը մորթուէին կիներ ու մանուկներ։ 

Չկային պատժամիջոցներ Թուրքիոյ կամ Ատրպէյճանի դէմ, չկար վայրագութիւններու մասին լրատուական միջոցներու 24-ժամեայ լուսաբանութիւն եւ չկար ռազմական կամ տնտեսական որեւէ օգնութիւն Հայաստանին ու Արցախին:

Այժմ անցնինք թուրք քաղաքական ղեկավարներու  երկու անսպասելի յայտարարութիւններուն։ Թրքական ազգայնական «Մեծ միասնութիւն» կուսակցութեան գլուխը եւ Էրտողանի կառավարութեան դաշնակից Մուսթաֆա Տեսթիչի զգուշացուցած է, որ Ուքրանիայէն ետք Ռուսիա թիրախ պիտի դարձնէ Կարսն ու Արտահանը՝ Արեւմտեան Հայաստանի երկու քաղաքները, որոնք բռնագրաւուած են Թուրքիոյ կողմէ։ «Եթէ դուք հետագային Ռուսիան տեսնէք մեր սահմաններուն մէջ, չզարմանաք», ըսած է թրքական կուսակցութեան առաջնորդը։

Նմանապէս, ընդդիմադիր թրքական «Լաւ» (IYI) կուսակցութեան նախագահ Մերալ Աքշեներ յայտարարած է. «Ո՞վ կրնայ պնդել, որ Թուրքիա ապահով է: Ո՞վ կրնայ ըսել, որ Փութինի մտքին մէջ չկան Կարսը, Արտահանը եւ Էրզրումը (Կարինը)»։

Ակնյայտօրէն, ասոնք ամպագոռգոռ  յայտարարութիւններ են։ Ռուսիա նման մտադրութիւններ չունի։ Ընդհակառակն, Ռուսիա կը փորձէ Թուրքիան դուրս հանել ՆԱԹՕ-էն։ Այսուամենայնիւ, այս երկու յայտարարութիւնները կարեւոր մէկ օգուտ ունին հայկական կողմին համար. անոնք կը յիշեցնեն թուրք բնակչութեան, որ Կարսը, Արտահանը եւ Էրզրումը (Կարինը) վիճելի քաղաքներ են, որոնք չեն պատկանիր Թուրքիոյ։ Անոնք Արեւմտեան Հայաստանի մէկ մասն են։

Վերջապէս, ահա՛ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի՝ այս ամսուն սկիզբը կատարած ուշագրաւ յայտարարութիւնը, զոր ան հնչեցուցած է ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց խորհուրդին մէջ. «Տարածքային ամբողջականութեան յարգման սկզբունքը կը վերաբերի միայն այն պետութիւններուն, որոնց կառավարութիւնները կը ներկայացնեն իրենց տարածքին մէջ ապրող ամբողջ ժողովուրդը»:

Թէեւ Լաւրով նկատի ունէր ՄԱԿ-ի 1970-ի հռչակագիրը՝ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիա ներխուժումը արդարացնելու համար, ըստ երեւույթին, սակայն, մոռցած է, որ իր մէջբերած սկզբունքը կը վերաբերի նաեւ արցախահայութեան։ Լաւրով կը պնդէր, որ Ուքրանիոյ կառավարութիւնը չի ներկայացներ ուքրանական պետութեան տարածքին մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդները։ Եթէ Լաւրով այսպէս կը մտածէ, ապա Ռուսիա պէտք է ընդունի, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը եւս չի ներկայացներ Արցախի տարածքին մէջ ապրող հայերը։ Հետեւաբար, Ռուսիա պէտք է յայտարարէ, որ կ՛աջակցի Արցախի Հանրապետութեան ինքնորոշման...

 

Յարութ Սասունեան 

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Յարութ Սասունեան

Յարութ Սասունեան

California Courier շաբաթաթերթի հրատարակիչն եմ...