image
Հրատապ լուրեր:

Էրտողան «կ՚արդարացնէ» իր երրորդ անգամ առաջադրումը

Էրտողան «կ՚արդարացնէ» իր երրորդ անգամ առաջադրումը

Թուրքիոյ նախագահ՝ Թայէպ Էրտողան երկրի հարաւային Տենիզլի նահանգի հանրահաւաքի ժամանակ յայտարարած է, որ իրաւական տեսանկիւնէ ինք նախագահական նոր ժամկէտի համար առաջադրուելու իրաւունք ունի, յայտնած է TRT-ն։

Թուրքիոյ նախագահը այդ կերպ պատասխանած է ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւններուն այն մասին, թէ ինքը երրորդ ժամկէտի համար առաջադրուելու իրաւունք չունի, երբ Թուրքիան 2018-ին կառավարման խորհրդարանական ձեւէն անցում կատարած է նախագահականին:

«Թուրքիան 2018 թուականի ընտրութիւններուն կառավարման նոր համակարգ ընտրած է։ Ժամանակաչափը (նախագահական ժամէտներու) զէրոյացած է։ 2018 թուականին ընտրուած նախագահը կառավարման նոր համակարգի առաջին նախագահն է»,- ըսած է ան։