Դեկտեմբեր 12-ին, տեղական ժամանակով ժամը 00:14-ին (Կրինիչի ժամանակով դեկտեմբեր 11-ին, ժամը 20:14-ին) ՀՀ ԱԻՆ Երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 40.00⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 44.50⁰ աշխարհագրական չափագրումներով՝ Հայաստան-Թուրքիա սահմանային գօտի, Երեւան քաղաքէն 20 քմ հարաւ, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 1.9 ուռգնութեամբ երկրաշարժ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ ԱԻՆ-էն:
Երկրաշարժի կեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 2-3 բալ:
Երկրաշարժը զգացուած է Երեւան քաղաքին մէջ` 2 բալ ուժգնութեամբ։