image

Երկրաշարժ Ատրպէյճանի մէջ. Այն զգացուած է Ստեփանակերտի մէջ

Երկրաշարժ Ատրպէյճանի մէջ. Այն զգացուած է Ստեփանակերտի մէջ

20 նոյեմբերին, Հայաստանի ժամանակով ժամը 16:46-ին  Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Շամախի քաղաքէն 40 քմ հիւսիս-արեւելք, օճախի 20 քմ խորութեամբ, 4.9 աստիճանով երկրաշարժ գրանցուած է։ Այս մասին տեղեկացուցած է Արցախի Ներքին Գործոց Նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը:

Երկրաշարժի կեդրոնի գօտիի ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 6-7 բալ:

Երկրաշարժը զգացուած է Արցախի Հանրապետութեան Ստեփանակերտ քաղաքին մէջ 2-3 բալ ուժգնութեամբ: