Այսօր Ստեփանակերտի մէջ սկսած է Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքի քանդումը, հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Նշուած է, որ քանդման աշխատանքներու այսօրուան մեկնարկը խորհրդանշական նշանակութիւն ունի Ատրպէյճանի համար:
Նշենք, որ այսօր Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 34-ամեակն է: