image

Երկարաժամկէտ լուծումներ են պէտք. Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց

Երկարաժամկէտ լուծումներ են պէտք. Ռուսիոյ   Արտաքին Գործոց

Ռուսիան ներկայիս պատրաստ է աջակցելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման, յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ ԱՊՀ երկիրներու չորրորդ վարչութեան տնօրէն Տենիս Կոնչարը։ Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ-ը։

«Մենք պատրաստ ենք շարունակելու հնարաւոր աջակցութիւն ցուցաբերել հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստման գործին»,-յստակեցուցած է դիւանագէտը։

Կոնչարի խօսքով` Մոսկուան կրնայ աջակցիլ նաեւ Ռուսիոյ մէջ բարձր մակարդակի եռակողմ հանդիպումներու կազմակերպման։

Նաեւ ՌԴ ԱԳՆ ԱՊՀ երկիրներու չորրորդ վարչութեան տնօրէնը աւելցուցած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ կապուած իրավիճակի երկարաժամկէտ լուծումներ կը պահանջուին։