image

«Երկար ժամանակի կը կարօտինք». Ուքրանիոյ ազատագրման մասին ըսած է երկրի վարչապետը

«Երկար ժամանակի կը կարօտինք». Ուքրանիոյ ազատագրման մասին ըսած է երկրի վարչապետը

Ուքրանիոյ բոլոր բռնագրաւուած տարածքները ազատագրելու համար ժամանակ պէտք է։  Այս մասին ըսած է Ուքրանիոյ վարչապետ Տենիս Շմիկալը՝ անրդառնալով ուքրանական հակայարձակման, գրած է «The Guardian»-ը։

Շմիկալը վստահ է Ուքրանիոյ յաջողութեան հարցով։ «Մենք կ'իրականացնենք շատ խելամիտ, յարձակողական գործողութիւններ: Եւ, հետեւաբար, ատոր համար ժամանակ կը պահանջուի: Բայց մենք մտադիր ենք շարժիլ եւ առաջ երթալ: Մենք առաջ պիտի երթանք: Եւ ես բացարձակ լաւատես եմ ռուսերու կողմէ մեր բոլոր բռնագրաւուած հողերու ազատագրման հարցով»,-ըսած է Ուքրանիոյ վարչապետը։

Ըստ անոր՝ ռուսերը նոյնպէս կը պատրաստուէին հակայարձակման, ականապատած են բազմաթիւ տարածքներ, որ «կը բարդացնէ մեր պահապաններու առաջխաղացումը»։ 

«Դժբախտաբար, այս հակայարձակման մեր նախապատրաստութեան ընթացքին ռուսերը նոյնպէս կը պատրաստուէին, ուստի այնտեղ այնքան ականապատ դաշտեր կան, որ իսկապէս կը դանդաղեցնէ շարժը»,-ըսած է ան։