Երեւանը ՀԱՊԿ գործընկերներէն խնդրած է նոյեմբեր 23-ի նիստի օրակարգէն հանել Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու փաստաթուղթը։ Այդ մասին Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ հանդիպման յայտարարած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը, հաղորդած է Belta-ն։
Անդրադառնալով անցած տարուան նոյեմբերի նստաշրջանի ժամանակ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշումներու եւ Պելառուսիոյ առաջնահերթ ուղղութիւններու իրականացման միջոցառումներու ծրագրի կատարման`Թասմակամպեթովն ընդգծած է, որ 34 միջոցառումէն 32-ը կատարուած է։
«Երկու միջոցառում, ցաւօք, հնարաւոր չէր իրականացնել։ Առաջինը`մեր միջազգային շփումները եւրոպական միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, ինչպիսին է ԵԱՀԿ–ը։ Իրենց դիրքորոշումներու պատճառով։ Երկրորդ հարցն ալ Հայաստանին օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ որոշումը լրամշակելու Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի յանձնարարականն է։ Թէեւ միւս բոլոր դաշնակիցները սատարեցին այդ որոշումը, բայց հայկական կողմը որեւէ հետաքրքրութիւն չյայտնեց այդ փաստաթուղթի նկատմամբ, աւելին` մեր աշխատանքի աւարտական փուլին խնդրեցին այն ընդհանրապէս հանել օրակարգէն»,– ըսած է Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարը։