image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի փոխքաղաքապետը՝ կալանաւորուած

Երեւանի փոխքաղաքապետը՝ կալանաւորուած

Փոխքաղաքապետ, Արսէն Թորոսեանի նախկին տեղակալ Գէորգ Սիմոնեանը կալանաւորուեցաւ:

Այս մասին լուրը Tert.am-ի հետ զրոյցին հաստատած են Հակակոռուպցիոն կոմիտէէն։

Դատարանը հրապարակած է որոշումը՝ բաւարարելով վարոյթն իրականացնող մարմնի միջնորդութիւնը։

Յիշեցնենք, որ ՀՀ հակակոռուպցիոն կոմիտէէն ներս քննուող քրէական վարոյթով կատարուած նախաքննութեամբ փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են այն մասին, որ Երեւանի փոխքաղաքապետ Գ. Սիմոնեան, 2020-2022թթ. ընթացքին զբաղցնելով ՀՀ առողջապահութեան նախարարի տեղակալի պաշտօնը, անձնական շահագրգռուածութենէ ելլելով չէ կատարած իր ծառայողական պարտականութիւնները, որու հետեւանքով էական վնաս պատճառուած է պետութեան օրինական շահերուն: