Երեւանէն ուրախ լուր ստացանք։
Բնիկ հալէպահայեր Ճօրճ Պաթթուք (Բոթուքեան) եւ Ցոլինէ Քէօշկերեան Սուրբ խորանին դիմաց կանգնելով որոշեցին իրենց կեանքը շարունակել նոյն յարկին տակ։
Արժէքներու գահավիժումի մեր ժամանակներուն մեզի համար անչափելի ուրախութիւն է հայորդիներու ի մի գալը մեծ նպատակ դարձնել կերտել հայ ընտանիք։
Սոյն լուրը աւելիով կ՚իմաստաւորուի, որովհետեւ մեր երկու հայրենակիցները կու գան Հալէպէն, եւ անցնելով տագնապներու մեծ շրջանը որոշած է գլուխ գլխի տալ եւ հայկական արժէքներով ընտանեկան օճախ մը կերտել։
Յիշեցնենք, որ Ճօրճ արհեստով վարպետ ոսկերիչ է, իսկ հարսքոյրը ՝ Ցոլինէ Քէօշկերեան մինչեւ Երեւան գալը ուսուցչուհի էր Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս։
Բարի երթ կը մաղթենք նորապսակներուն մաղթելով անոնց կանաչ ճանապարհ եւ անամպ երթ հայրենի երկնքին տակ։