«Ինծի համար սա սարսափելի կը թուէր։ Անկեղծ ըսած՝ ասիկա հերթական կեղծուած ընտրութիւններու կը նմանէր»։ Այս մասին յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ՝ խօսելով Պրազիլիոյ ընտրութիւններուն մասին։
«Ես կողմերէն ո՛չ մէկուն աջակցած եմ, բայց ամէն ինչ շատ վատ տեսք ունէր։ Ես կը հետեւէի ընտրութիւններուն, եւ անոնք չափազանց փտած ու սարսափելի կը թուէին։
Ես Պրազիլը չեմ ղեկավարեր։ Ես կը ղեկավարեմ Միացեալ Նահանգները։ Լաւ յարաբերութիւններ ունիմ Լուլայի հետ, սակայն անոր պաշտօնավարութեան ժամկէտին երկարաձգումը շատ տարօրինակ էր», նշած է ան։