Եկէ՛ք, ուրեմն, մեր խօսքերը վերածենք ներկայութեան, մեր համակրանքը՝ գործի, իսկ մեր միասնականութիւնը՝ ուժի։ Թող այս համերգը դառնայ ոչ միայն արուեստի ու մշակոյթի գեղեցիկ հանդիպում մը, այլեւ մեր ժողովուրդին համերաշխութեան եւ փոխադարձ պատասխանատուութեան կենդանի արտայայտութիւնը։
Որովհետեւ երբ հայը հայուն ձեռք կ՚երկարէ, այդ ձեռքը միայն օգնութիւն չի փոխանցեր, այլեւ յոյս կը ներշնչէ, ուժ կու տայ եւ կը վերահաստատէ հաւատքը, որ միասին կրնանք յաղթահարել նոյնիսկ ամենադժուար փորձութիւնները։
Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք
Վահան Արծրունին այն արուեստագէտներէն է, որոնց համար մշակոյթը պարզապէս մասնագիտութիւն մը չէ, այլ՝ սկզբունք, առաքելութիւն եւ կեանքի ընտրութիւն։ Ան անկեղծ ու սկզբունքային արուեստագէտ է, մշակոյթի նուիրեալ զինուոր մը, որ իր ստեղծագործական ճանապարհով ծառայած է հայ մշակոյթին՝ թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ Սփիւռքի տարածքին։ Անոր անունը ծանօթ է սփիւռքահայ շրջանակներուն, ուր անոր արուեստն ու գործունէութիւնը կը վայելեն արժանի գնահատանք։
Այսօր, սակայն, Վահանին ու իր ընտանիքին կողքին կանգնիլը պարզապէս արուեստագէտի մը վաստակը գնահատելու հարց չէ։ Անիկա մարդկային պարտաւորութիւն մըն է, որուն դիմաց պէտք է պատասխանենք մեր մասնակցութեամբ եւ գործնական զօրակցութեամբ։
«Երգը յանուն առողջ սերունդի» համերգաշարի առաջին համերգին տոմսերուն ընդամէնը մէկուկէս օրուան մէջ սպառիլը ուրախալի իրողութիւն մըն է։ Անիկա կը վկայէ, որ մարդիկ պատրաստ են արձագանգելու, երբ իրենց կը ներկայացուի անկեղծ ու արժէքաւոր նախաձեռնութիւն մը։ Այժմ, սակայն, կարեւոր է շարունակել այս զօրակցութիւնը։
Համերգաշարին երկրորդ համերգը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 15-ին, ժամը 21։00-ին, Օփերայի թատրոնի նորաբաց կամերային դահլիճին մէջ։
Համերգէն գոյացած հասոյթին՝ երաժիշտներուն հոնորարին բաժինը պիտի յատկացուի պատանի Անդրեաս Արծրունիի բուժումը Գերմանիոյ մէջ շարունակելուն։ Մեր ներկայութիւնն ու աջակցութիւնն ալ պիտի օգնեն յաղթահարելու նախաձեռնութեան առջեւ ծառացած նիւթական դժուարութիւնները։
Ինչպէս միշտ, այս առիթով եւս կ՚ուզեմ ընդգծել, որ կարեւորը երբեք թիւերը չեն, ոչ ալ այդ թիւերուն կցուած զերօները, այլ՝ մասնակցութիւնը, կամքը եւ հաւաքական զօրակցութեան ոգին։ Վստահ եմ, որ այս հաւաքական մօտեցումը, այս միասնական «զօրաշարժ»ը, իր դրական արդիւնքները անպայման պիտի տայ։ Որովհետեւ երբ իւրաքանչիւրս իր բաժինը կը բերէ, նոյնիսկ ամենափոքր ներդրումը կը դառնայ մեծ գործի մը մասնիկը, իսկ մեր համատեղ ջանքերը՝ իրական նեցուկի աղբիւր։
Ի վերջոյ, կարեւորը մեր տուած գումարին չափը չէ, այլ՝ մեր մասնակցութեամբ փոխանցած պատգամը։ Պատգամ մը, որ կ՚ըսէ՝ Վահան Արծրունին առանձին չէ, Անդրեասը առանձին չէ, եւ մեր ժողովուրդին զաւակները իրենց դժուարութիւններուն մէջ առանձին չեն։
Այսօր մեր ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ կրնանք ոչ միայն զօրավիգ կանգնիլ Վահան Արծրունիին եւ իր ընտանիքին, այլեւ իրական յոյս դառնալ Անդրեասին համար։ Որովհետեւ անոր կողքին կանգնիլը միայն ընտանիքի մը օգնելու հարց չէ, այլ՝ հայ զաւակի մը ապագային հանդէպ մեր հաւաքական պատասխանատուութիւնը ստանձնելու գիտակցութիւն։
Եկէ՛ք, ուրեմն, մեր խօսքերը վերածենք ներկայութեան, մեր համակրանքը՝ գործի, իսկ մեր միասնականութիւնը՝ ուժի։ Թող այս համերգը դառնայ ոչ միայն արուեստի ու մշակոյթի գեղեցիկ հանդիպում մը, այլեւ մեր ժողովուրդին համերաշխութեան եւ փոխադարձ պատասխանատուութեան կենդանի արտայայտութիւնը։
Որովհետեւ երբ հայը հայուն ձեռք կ՚երկարէ, այդ ձեռքը միայն օգնութիւն չի փոխանցեր, այլեւ յոյս կը ներշնչէ, ուժ կու տայ եւ կը վերահաստատէ հաւատքը, որ միասին կրնանք յաղթահարել նոյնիսկ ամենադժուար փորձութիւնները։
Այս անգամ մեր զօրակցութիւնը թող չմնայ լոկ խօսք։ Եկէ՛ք ներկայ ըլլանք, մասնակցինք եւ մեր բաժինը բերենք, որպէսզի Վահանին կողքին կանգնելով՝ Անդրեասին նաեւ յոյս փոխանցենք։
ՏՈՄՍԵՐՈՒ ԵՒ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Տոմսերը հասանելի են օպերային թատրոնի տոմսարկղում և կայքում'
https://ticket.opera.am/.../Concert%20in%20the%20Small...։
Դրամական աջակցության համար'
ARARATBANK-ի հաշվեհամարը'
1510057900939000 AMD
1510041906839001 USD
Vahan Artsruni, նշելով "նվիրատվություն"
1510086921069249 EU
Anush Aslibekyan
և քարտից քարտ փոխանցելու համար'
5220 6510 1481 7806 Vahan Artsruni
card to card տարբերակը կարող է ժամանակավոր սահմանափակվել , քանի որ օրական 30 փոխանցումից ավել բանկը չի կատարում։
