image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ մահացած է Հալէպահայ Միհրան Պալըխեան

Երեւանի մէջ մահացած է Հալէպահայ Միհրան Պալըխեան

Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Միհրան Պալըխեան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երեւանի իր աղբիւրէն։

Հանգուցեալը (բնիկ՝ ակնեցի) ծնած էր Հալէպ, 1948-ին։

Կանուխ հասակէն նետուած էր կեանքի ասպարէզ եւ շնորհիւ իր անաչառութեան եւ աշխատանքի հանդէպ նուիրումին, կարողացած էր դառնալ Հալէպի գործարար շրջանակներուն մէջ փայլուն անուն ձեռք ձգած անհատ մը: 

Ան կարեւոր նպաստ բերած է Հալէպի մէջ մեծ զարգացում ապրած կերպասի գունաւոր տպագրական աշխատանքներուն ու այդպիսով ալ կարողացած է իր հիմնադրած գործարանը դարձնել ստեղծարար կէտ եւ արդիականութեան կեդրոնատեղի։

Միհրան Պալըխեան ըլլալով յաջողակ գործարար, բնաւ չէ մոռցած համայնքային կառոյցները եւ հարկ եղած պահերուն իր քսակը լայն բացած է՝ հասնելով բազմապիսի մշակութային եւ ընկերային կամ նոյնիսկ կրօնական կառոյցներու։

Հայաստանի անկախութեան փուլէն ասդին, երբ Հալէպի մէջ հիմնադրուեցաւ ՀՀ հիւպատոսարանը, Պալըխեան եւ իր խումբ մը բարեկամներ անմնացորդ կերպով իրենց նիւթական եւ բարոյական նեցուկը եւ բոլորանուէր զօրակցութիւնը ցոյց տուած են ՀՀ հիւպատոսարանին։

Մասնակից եւ ջատագով եղած է ԹՄՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի գործունէութեանց, եւ այդ առթիւ ալ տիրացած է ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան բարձրագոյն ՝ «Վահան Թէքէեան» շքանշանին։

Սուրիոյ արիւնալի պատերազմէն ասդին Պալըխեան, յար եւ նման հազարաւոր հալէպահայերու, ստիպուած կ՚ըլլայ տեղափոխուիլ մայր հայրենիք։

Այստեղ եւս ան կը շարունակէ իր ազգանուէր մասնակցութիւնը բերել եւ նեցուկ կանգնիլ Պալըխեաններու (յատկապէս անոր ազնուական տիկնոջ՝ Անի Պալըխեանի բոլորանուէր ճիգերով) կողմէ հիմնուած «Հալէպ» կազմակերպութեան, որ կարեւորագոյն աշխատանքներ կատարելով թեւ ու թիկունք հանդիսացաւ պատերազմին հետեւանքով անապահով վիճակի մատնուած հազարաւոր հալէպահայերու։

Իր շրջանակին կողմէ սիրուած ու յարգուած Միհրան Պալըխեան սակաւախօս էր, ան խօսքէն աւելի կը հաւատար գործին ու իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, մինչեւ իր  մահը, շարունակեց բաց պահել իր տան դռները բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան  կարիքն ունէին։

Հայկական օրինակելի ընտանիքի հայր Միհրան Պալըխեան Անի Պալըխեանի հետ ընտանեկան օճախ պահած ու պահպանած  հայր էր երկու որդիներու՝ Սարգիս եւ Կարէն։

Հանգուցեալի   յուղարկաւորութեան եւ թաղման  մանրամասները՝  աւելի ուշ։

Այս տխուր առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ գաղափարի ընկերներուն։