image

Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Խաժակ Յակոբեան (Լուսանկար)

Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Խաժակ Յակոբեան (Լուսանկար)

Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է լիբանանահայ Խաժակ Յակոբեան։

«Արեւելք» այս մասին   տեղեկացաւ հանգուցեալի  հարազատներէն։

Պէյրութի մէջ ծնած Խաժակ Յակոբեանը ՀՀ անկախութենէն ետք լիբանանահայ առաջին հայրենադարձներէն էր, քսան տարիէ աւելի է, որ հաստատուած էր Հայաստանի մէջ՝ մինչ այդ նշանակալից ճանապարհ անցնելով Լիբանանի մէջ։

Ան աշխուժ կերպով մասնակցած է Լիբանանի մէջ հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան գործին, այդ տարիներուն ալ շատ մօտէն ծանօթացած է Մոնթէի հետ ու գործակցած։

Հայաստանի վառ երազով ապրող  Խաժակը, Պէյրութը թողնելով, գացած է Փարիզ, ուր նոյնպէս մասնակից եղած է ազգային- ազատագրական պայքարի տարբեր փուլերու։

Կեանքի դժուարագոյն հանգրուաններ անցնելով՝ կարճ շրջան մը ապրած ու աշխատած է սնունդի ասպարէզի մէջ, հիմնած է Պուրճ Համուտ թաղամասի մէջ շատ յայտնի «Իկըլ  Խաժակ» ճաշարանը։

Հայաստանի անկախացումէն ետք ան վերջնականապէս հաստատուած է Հայաստանի մէջ՝ յագուրդ տալով իր  մեծ երազին։

Մշակոյթի հանդէպ մեծ համակրանք ու սէր տածող Խաժակը ջերմ սիրահար էր արդի բանաստեղծութեան, անոր համար մեծ օրինակ էր Պարոյր Սեւակը, որու գործերէն տարբեր առիթներով Խաժակը կ՚ասմունքէր։

Խաժակ Յակոբեանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման մասին կը յայտնենք լրացուցիչ։ 

Լուսանկարին մէջ՝  Խաժակը Մոնթէի կողքին, Պէյրութի հայաշատ Արագած շրջանի «Օդանաւի շէնք» յայտնի անունով «դիրք»ի առջեւ, ուր հայ երիտասարդները կը պաշտպանէին հայկական թաղամասերը։