image
Հրատապ լուրեր:

Երեւանի մէջ հրդեհ

Երեւանի մէջ հրդեհ
24 Օգոստոսին, ժամը 23:48-ին Ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ հրդեհ բռնկած է Երեւանի Մասիսի 99 հասցէին վրայ գտնուող շինանիւթի պահեստին մէջ։ Այս մասին յայտնած են ԱԻՆ-էն։

Հրդեհի դէպքի վայր մեկնած են ԱԻՆ ՓԾ Երեւան քաղաքի փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատներէն վեց մարտական հաշուարկ եւ Հրդեհաշիջման եւ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպման բաժնի հերթապահ խումբը։

 

Հրդեհը մեկուսացած է 25 Օգոստոսին, ժամը 00։15-ին, մարած է՝ 01։07-ին։

Այրած է մօտ 80 խմ փայտ եւ մօտ 10 խմ տախտակի կտորներ։