image

Երեւանի մէջ ցոյցերը կը շարունակուին. Բերման ենթարկուած է 168 անձ

Երեւանի մէջ  ցոյցերը կը շարունակուին. Բերման ենթարկուած է 168 անձ

Այսօր առաւօտէն ընդդիմադիրները սկսած են անհնազանդութեան բողոքի արշաւներ:

Փակուած են բազմաթիւ փողոցներ, տեղի ունեցած է անկարգութիւններ, ուժայիններու հետ քաշքշուկ:

Ոստիկանները կարճ ժամանակի մէջ բացած են փողոցներու մեծ մասը: Ժամը 12:00 դրութեամբ Երեւանի փողոցներէն բերման ենթարկուած է 168 քաղաքացի, ոստիկանութեան ծառայողի պահանջներուն չենթարկուելու համար:

Հանրապետութեան հրապարակին մէջ ոստիկանական մեծ ուժեր կուտակուած են:

Նշենք, որ Վազգէն Մանուկեանը հանրահաւաքին խոստացած էր 3 օր կաթուածահար ընել ամբողջ Հայաստանը: