image

Երեւանի հետ երկխօսութիւնը՝ չափազանց զգուշաւոր. Օքթայ

Երեւանի հետ երկխօսութիւնը՝ չափազանց զգուշաւոր. Օքթայ

Թուրքիան հանդէս կու գայ ոչ միայն Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման օգտին, այլեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան օգտին։ Անգարայի դիրքորոշումը այս հարցին մէջ չափազանց անկեղծ է, ըսած է Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուատ Օքթայը՝ ելոյթ ունենալով 2022-ի պետական պիւտճէի նախագիծի վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներուն ընթացքին։

Ըստ Օքթայի՝ թրքական կողմը Երեւանի հետ երկխօսութիւնը յառաջ պիտի մղէ չափազանց զգուշաւոր եւ Ատրպէյճանի հետ սերտ համագործակցութեամբ։

Քաղաքական գործիչը ուշադրութիւն հրաւիրած է նաեւ «3+3» ձեւաչափով տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակ ձեւաւորելու մասով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի խաղաղ նախաձեռնողականութեան վրայ:

«Անգարայի դիրքորոշումը Հարաւային Կովկասի մէջ երկարաժամկէտ կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովման հարցում պիտի մնայ անփոփոխ», վստահեցուցած է Օքթայ: