image

Երեւան-Պէյրութ-Երեւան նոր օդային փոխադրութեան գի՞ծ

Երեւան-Պէյրութ-Երեւան նոր օդային փոխադրութեան գի՞ծ

Լիբանանի հանրօգուտ աշխատանքներու եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ալի Համիյէ հանդիպում ունեցած է Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբեկեանի հետ:

Ժողովականները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ հայկական օդանաւային նոր հիմնադրուած ընկերութեան դիմումը՝ թռիչքներ իրականացնելու Երեւան-Պէյրութ-Երեւան ուղղութեամբ՝ շաբաթական մէկ կամ երկու անգամ դրութեամբ: Համիէ պատրաստակամութիւն յայտնած է դիմումը ուսումնասիրելու քաղաքացիական թռիչքներու ընդհանուր տնօրէնութեան մակարդակով, նկատի առնելով նման ուղեւորութիւններու արդիւնաւէտութիւնը երկու երկիրներուն համար: