image
Հրատապ լուրեր:

Երեւան–Պաղտատ. «Fly Arna»-ն շաբաթական երկու թռիչք պիտի իրականացնէ

Երեւան–Պաղտատ. «Fly Arna»-ն շաբաթական երկու թռիչք պիտի իրականացնէ

Հայաստանի ազգային «Fly Arna» օդանաւային ընկերութիւնը մարտի 22-էն շաբաթական երկու ուղիղ թռիչք պիտի իրականացնէ դէպի Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատ: Տեղեկութիւնը յայտնած է ընկերութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Հասանելի արժէքներով Երեւան-Բաղդադ-Երեւան կանոնաւոր չուերթի գործարկումը մեծապէս կը նպաստի դէպի Հայաստան նոր զբօսաշրջային հոսքերի աւելացմանը: Շաբաթական երկու անգամ իրականացուող չուերթները նաեւ Իրաքի հայ համայնքին թոյլ կը տան հայրենիքի հետ կապն էլ աւելի կայուն եւ ընդգրկուն դարձնել՝ նրանց առաջարկելով դէպի Հայաստան աւելի հարմարաւէտ եւ հասանելի ճամբորդելու հնարաւորութիւն», -ըսած է Fly Arna-ի մամուլի խօսնակ Գայիանէ Անտոնեան:

Թռիչքները պիտի իրականացուին չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերուն։

Տոմսեր կարելի է ամրագրել «Fly Arna»-ի պաշտօնական կայքի, զանգերու կեդրոնի (+374 41 38 00 83) կամ զբօսաշրջային գործակալութիւններու միջոցով:

Նշենք, որ «Fly Arna»-ն Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի (ԱՆԻՖ) եւ «Էյր Արապիա» ընկերութեան համատեղ ծրագիրն է, կը գործէ անցեալ տարուան յունիսէն։