image
Հրատապ լուրեր:

Երէկ եղած սադրանքի ժամանակ նահատակուած է Նահապետ Մարգարեանը . Ան 44-օրեայ պատերազմի մասնակից էր

Երէկ եղած սադրանքի ժամանակ նահատակուած է Նահապետ Մարգարեանը . Ան  44-օրեայ պատերազմի մասնակից էր

28 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու յարձակման հետեւանքով զոհուած է Զինուած ուժերու սպայ, փոխգնդապետ Նահապետ Մարգարեանը։

32–ամեայ Նահապետը Վայոց Ձորի մարզի Թառաթումբ բնակավայրէն էր։ Ան ուսում ստացած էր Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանէն ներս եւ ծառայութեան անցած Հայաստանի Զինուած ուժերու մէջ։ Նահապետը 44–օրեայ պատերազմի մասնակից էր։

Համայնքի վարչական ղեկավար Վահանիկ Մարկոսեանը NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ Նահապետը զոհուած է Ջերմուկի ուղղուլժթեամբ՝ հակառակորդի կողմէ իրականացուած յարձակման հետեւանքով։

Նահապետ Մարգարեանն ամուսնացած էր, ունի երկու երեխայ։