Երէկ Հանրապետութեան հրապարակէն ատրպէյճանցի պատգամաւորներու Երեւան այցելելու դէմ բողոքի շարժում իրականացնելով ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան մօտ 20 անդամ բերման ենթարկուած էր` բաւական բիրտ ձեւով: Այս մասին յայտնած էր փաստաբան Սերկէյ Յարութիւնեանը:
Ոստիկանները բերման ենթարկած ին նաեւ «երկիր Մետիա» հեռուստաընկերութեան լրագրող Անի Նահապետեանը, որն այդ պահուն իր աշխատանքային պարտականութիւնները կը կատարէր:
Փաստաբանը յայտնեց, որ լրագրողը նոյնպէս դեռ ոստիկանական բաժանմունքում է գտնւում:
Քիչ առաջ փաստաբան Սերկէյ Յարութիւնեան յայտնեց, որ բերման ենթարկուած աղջիկներէն մէկուն ձեռքը վնասուած է` շտապօգնութեան բժիշկները զայն ոստիկանական բաժանմունքէն հիւանդանոց տեղափոխած են, ուր պարզուած է, որ անոր ձեռքը կոտրուած է:
Յարութիւնեան տեղեկացուց նաեւ, որ բերման ենթարկուած երիտասարդներուն նկատմամբ խուլիկանութեան յօդուածով քրէական գործ յարուցուած է․ բոլորը հրաժարած են ցուցմունք տալէ` օգտուելով իրենց լռելու իրաւունքէն:
«Երկիր Մետիա» հեռուստաընկերութեան լրագրող Անի Նահապետեանը, որ եւս բերման ենթարկուած էր, եւս դուրս եկած է ոստիկանական բաժանմունքէն: Ան յանցագործութեան մասին հաղորդում տուած է առ այն, որ մասնագիտական գործունէութիւն իրականացնելու ժամանակ զիրենք ապօրինի կերպով բերման ենթարկած են` չնայած այն հանգամանքին, որ լրագրողական տարբերանշանը իր վրայ փակցուած էր:
Լուրը՝ «Նիւզ ամ.»էն: